ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Դուրեանով սկիզբ առած Երուսաղէմի վերածնունդը շարունակուեցաւ իր յաջորդին` Գուշակեան Թորգոմ պատրիարքի օրով ալ: Սրբոց Յակոբեանց միաբանները ճիշդ ընտրութիւն մը կատարեր էին 6 յունիս 1931-ին` իրենց քուէները կեդրոնացնելով արմաշական այս սիրելի անունին վրայ:
Նորընտիր Թորգոմ պատրիարք այնպիսի ուժեղ պաշտամունք մը ունէր իր վախճանեալ նախորդին յիշատակին, գործին ու մտասեւեռումներուն նկատմամբ, որ ուղղակի անոր լիակատար ժառանգորդը սեպեց ինքզինք: Դուրեանի մտատիպարը միշտ առինքներ էր զինք, հետեւաբար գրաւուած մնացեր էր անոր իմացական ու հոգեկան շնորհներէն, ու հիմա պիտի ուզէր իր ձեռքը կառչած պահել անկէ ժառանգ մնացած արօրին մաճին վրայ…
Գուշակեան Արմաշի դպրեվանքին ամենափայլուն շրջանաւարտներէն էր, աբեղայ ձեռնադրուած` 1896-ին, Օրմանեան սրբազանէն: Արդէն, իր երկու հիմնական ուսուցիչներն եղած էին Օրմանեանն ու Դուրեանը: Երբ իր ուսին կ՛առնէր հոգեւորականի սեւ քղամիդը, հայ կեանքը արիւնոտ շրջան մը կը բոլորէր իր մայր բնօրրանին մէջ` համիտեան համատարած ջարդեր, աքսորներ, յեղափոխական շարժումներ, սարսափ:
Յաղթահարուեցան այդ դժուարին օրերը:
Թորգոմ վարդապետ Արմաշի դպրեվանքին մէջ եղաւ ուսուցիչ, յետոյ վերատեսուչ նշանակուեցաւ 1904-1907` յաջորդելով Դուրեանին: Իր վարչական ու դաստիարակչական փորձառութիւնը աւելիով կոփուեցաւ, երբ 1907-էն սկսեալ մինչեւ 1913 վարեց Սեբաստիոյ մեծ թեմին առաջնորդական պաշտօնը: Այս շրջանին է, որ պատրաստեց նոյն նահանգի Ս. Նշան պատմական վանքին ձեռագրաց քննական մանրամասն ցուցակը ու զայն հրատարակեց Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»-ին մէջ: Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1910-ին, Ս. Էջմիածին, Իզմիրլեան հայրապետէն: Գաւառ վերադարձի ճամբուն վրայ այցելեց Անի ու անոր կիսակործան մայր տաճարին մէջ մատուցեց իր եպիսկոպոսական Բ. պատարագը:
Յետոյ կանչուեցաւ Եգիպտոս, ուր առաջնորդական պաշտօն վարեց լման տասնեօթը տարի, 1914-էն մինչեւ իր պատրիարք ընտրութիւնը: Այդ ժամանակաշրջանէն պահած է եօթնամեայ օրագրութիւն մը, որ եգիպտահայոց ազգային կեանքին տեսակ մը կենդանի պատմութիւնը կը նկատուի: Այս շրջանին է դարձեալ, 1916-ի պատերազմական տարիներուն, երբ իբրեւ հայրապետական նուիրակ` մեկնեցաւ Ծայրագոյն Արեւելք ու մէկուկէս տարի շրջեցաւ Հնդկաստան, Պիրմանիա, Ճաւա, Սումաթրա եւ այլուր` հոն ցրուած հայ գաղութներուն այցելելու ու հանգանակութիւններ կատարելու նպատակով: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ գրի առնէ ընդարձակ տպաւորութիւններ այդ մոռցուած, լքեալ ու երբեմնի շէն գաղութներուն մասին, եւ լոյսին գայ գիրք մը, որ կը կոչուի «Հնդկահայք»: Յակոբ Օշական մեծ գովեստով կ՛արտայայտուի Թորգոմ սրբազանի այս գիրքին մասին` գրելով.
– Հաւատարիմ իր մեթոտին, սրբազանը չէ գոհացած մարդերու այլապէս թանկ վկայութեամբ: Ան հաւասար գուրգուրանքով հարցաքննած է նաեւ քարերը, ինչպէս` մագաղաթները, օձերէ բնակուած ու խոտերէն նուաճուած մեր ժամերը, առնելու համար այն, ինչ որ կարելի էր տակաւին ազատել, ընդօրինակելով, լուսանկարելով, ինչ որ արժանի էր: Մեռելներուն, դամբաններուն անշունչ վկայութիւններուն հանդէպ իր բարեպաշտ պատկառանքը կը բարեխառնուի ողջերը դիտելու, խրախուսելու այնքան յորդ տուրքերով: Մեր պատմութեան հին քանի մը սրտայոյզ սարսուռները կը համակեն ընթերցողը, երբ տարիներով հայ խօսքի կարօտ ականջներուն մէջ սրբազանը կը հոսեցնէ ոսկեղէն հնչումը մեր շարականներուն, կը մատուցանէ, ափափոյ յարդարուած սենեակի մը մէջ, մեր ամէնէն թունդ արարողութիւնը` մեր պատարագը, բոլորին արցունքին, սրտազեղման, սփոփման մէջ: Դիւցազներգակ քերթողներուն գրչին վայել պատկերներ են ասոնք: Կը մկրտէ: Կը մխիթարէ: Կը վառէ այդ պաղած սրտերուն մէջ հեռաւոր Հայաստանի բախտին հանդէպ ջերմ սէր ու հաւատք: Առաքելութեան այս ոգեղէն իմաստը կը յորդի ամբողջ գիրքին մէջ, զայն ընելու համար հայութեան հուրքովը մխացող անմահ մատեան մը («Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Է. հատոր, Անթիլիաս, 1979):
Գուշակեան հազիւ եօթը տարի գահակալեց Ս. Յակոբեանց աթոռին վրայ: Իր օրերուն Ժառանգաւորաց վարժարանն ու ընծայարանը տուին մեծաթիւ շրջանաւարտներ, որոնցմէ 16-ը վարդապետ ձեռնադրեց ի՛նք (անոնցմէ մին Պոլսոյ ապագայ Շնորհք պատրիարքն էր): Շատ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր նոր ու զարգացեալ միաբաններու պատրաստութեան գործին: Այդ հեռանկարով ալ դուրսէն ուսուցչական նոր ուժեր հրաւիրեց Երուսաղէմ (Յ. Օշական, Շահան Պէրպէրեան, Ներսէս Թամամեան): Բայց մեծ ուսուցիչ մըն ալ ինք էր արդէն. ունեցած էր մեծանուն ուսուցիչներ ու գիտէր, թէ ի՜նչ հրաշքներ կարելի էր գործել պատրաստուած անձերով:
Վանքին ելեւմտական կացութիւնը եւս բարւոք ընթացք մը առաւ իր վերահսկողութեամբ ու խոհեմ կարգադրութիւններով:
Կրօնական ու վարչական իր պարտաւորութեանց կողքին, Գուշակեան միշտ մնաց գրչի հաւատարիմ սպասարկու մը, վարպե՛տ մը նոյնիսկ: 30-ական թուականներու «Սիոն»-ի հաւաքածոները շատ բան կրնան պատմել մեզի այս մասին: Թորգոմ պատրիարք ինք անձամբ կը խմբագրէր ամսաթերթը ու ճիգ չէր խնայեր դարձնելու համար զայն հանդիսարան մը` գրական ու կրօնական ապրումներու: Ունէր համոզկեր ոճ մը, հարցեր պարզաբանող ու կնճռոտ նիւթեր վերլուծող դիւրասահ գրիչ մը: «Սիոն»-ի իր հիւթեղ խմբագրականները հաճոյքով կը կարդացուին այսօ՛ր եւս եւ կրնան հայերէն լեզուի օգտաշատ դասընթացք մը դառնալ մերօրեայ ընթերցողին համար` անկախ իրենց բովանդակութենէն:
Գուշակեանին ստորագրութիւնը կրող երկու ընդարձակ մենագրութիւններ, մին Խրիմեան Հայրիկի (Փարիզ, 1925), իսկ միւսը` Եղիշէ պատրիարք Դուրեանի մասին (Երուսաղէմ, 1932), պիտի ապրին իբրեւ բաբախուն գործեր, ապացոյցներ` իր գեղագէտի ոճին ու գրագէտի հմտութեան: Այս երկու աշխատասիրութիւններն ալ շուրջ 330 էջանի փառաւոր հատորներ են, որոնց մէջ ո՛չ միայն սեւեռումի կ՛ենթարկուին Խրիմեանն ու Դուրեանը առանձնաբար, այլեւ անոնց ամբողջ շրջապատը` զայն եզերող մարդոցմով, ժամանակաշրջանի դէպքերով ու եռեւեփումներով: Ճիշդ այս պատճառով ալ զոյգ գիրքերը կը կարդացուին վէպի մը պէս, յափշտակութեամբ:
Առ այսօր շատ գործնական ուղեցոյց մըն է իր «Սուրբք եւ տօնք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ» գիրքը, որ քանիցս վերատպուած է Անթիլիասի մէջ: «Նարեկ»-ի իր աշխարհաբար թարգմանութիւնը եւս շատ գնահատուած է եւ ունեցած` բազմաթիւ տպագրութիւններ, 1926-էն մինչեւ այսօր: «Աւետարանի ճամբէն»-ը աւետարաններէն քաղուած նիւթերու շուրջ խորհրդածութեանց շարք մըն է, իսկ «Եգիպտոսի հայոց հին եւ արդի եկեղեցիները» (1927)` հետաքննական ուսումնասիրութիւն մը: Դեռ ունի ֆրանսերէնէ կատարուած ծաւալուն թարգմանութիւններ, ինչպէս` Քոռնէյի «Պողիկտոս» ողբերգութիւնը (1935), Պուալոյի «Արուեստ քերթողական»-ը, Ֆլոպերի «Հերովդիա»-ն եւ այլն:
Իր ամբողջական գործերը, գեղատիպ հատորներու շարքով մը, հրատարակուեցան Երուսաղէմ` մահէն անմիջապէս ետք (1939-1941):
Գուշակեան ճիշդ 42 տարի իր գլխուն կրեց Հայ եկեղեցւոյ սրածայր վեղարը ու զայն արժեւորեց զմայլելի պատուազգացութեամբ:
Շիջեցաւ 10 փետրուար 1939-ին` յանկարծական կաթուածէ մը զգետնուած:
Եգիպտահայ բազմավաստակ պատմագիր Արշակ Ալպոյաճեանը 700 էջանի փառաւոր մենագրութեամբ մը (Գահիրէ, 1940) պատմութեան յաջորդ սերունդներուն յանձնեց Գուշակեանի կեանքին ու վաստակին լման ուղեծիրը:
Հալէպ