Մեծանուն մտաւորական Զարեհ Մելքոնեանի եւ անոր արուեստագէտ կողակիցին՝ Գոհար Մելքոնեանի, նուիրուած յուշ-երեկոն տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 10-ին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Քուբըրթինոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ մէջ:
Զարեհ եւ Գոհար Մելքոնեաններու նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւնը նախաձեռնուած էր անոնց դուստրերուն՝ Լինա եւ Սիլվա Մելքոնեաններու կողմէ, ոգեկոչելու համար իրենց ծնողաց մահը, որ պատահեցաւ 2012-ին: Երեկոյթին ներկայ էին Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան, Զ. Մելքոնեանի աշակերտներու ստուար թիւ մը եւ Մելքոնեան ամոլին յիշատակը յարգող շուրջ 200 անձնաւորութիւններ:
Ողջոյնի խօսքերով երեկոյթին բացումը կատարեց օրուան հանդիսավարուհի Սիւզի Անթունեան. ան նախ դրուատական խօսքերով ներկայացուց Զարեհ եւ Գոհար Մելքոնեաններու կեանքին ու գործունէութեանց հանգրուանները, ապա շարունակելով՝ հանգամանօրէն ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցող արուեստագէտները:
Հանդիսութիւնը սկսաւ գեղարուեստական բաժինով: Առաջին առիթով՝ գաղութին մէջ սիրուած տաղանդաշատ դաշնակահարուհի Արաքսի Աղազարեան նուագեց Առնօ Պապաճանեանէն եւ Արամ Խաչատրեանէն երկու կտորներ: Ապա, Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի մէջ մեծապէս սիրուած հայրենի օփերայի երգչուհի Սեդա Գիզիրեանը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արաքսի Աղազարեանի, երգեց «Սէր»ը, խօսք՝ Զ. Մելքոնեանի ու երաժշտութիւն՝ Հ. Պէրպէրեանի:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինի ընթացքին, լուսապատկերներով ցուցադրուեցան արուեստագէտ Գոհար Մելքոնեանի իւղաներկերու եւ արձաններու շարք մը, զոր հաճոյքով ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Յաջորդաբար, Մարօ Ալաճաճեան՝ հայերէնով ու Արա Երկանեան՝ անգլերէնով, ընթերցեցին իրենց ուսուցիչին՝ Զ. Մելքոնեանի հեղինակութենէն կտորներ: Երգչուհի Ս. Գիզիրեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ա. Աղազարեանի, դարձեալ հրամցուց երկու երգեր՝ Խ. Աւետիսեանի «Իմ Անոյշ Տաւիղ»ը եւ Կոմիտասի «Կռունկ»ը, արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու: Աւարտին, Մելօ Էքիզեան ասմունքեց իր ուսուցիչին՝ Զ. Մելքոնեանի, գործերէն երկու հատուածներ:
Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանը ընթերցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի Օրհնութեան գիրը, զոր մասնաւորաբար ղրկուած էր այս առիթով:
Կրթական մշակ, գրող ու բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը ներկայացուց «Արմինիըն Օպզըրվըր» շաբաթաթերթի հրատարակիչ ու յայտնի հրապարակախօս՝ Զ. Մելքոնեանի աշակերտներէն փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը: Անդրադառնալով Զ. Մելքոնեանի գրական արժանիքներուն՝ ան ըսաւ. «Զարեհ Մելքոնեան հայ մշակոյթի համաստեղութեան մէջ ուշագրաւ եւ ինքնատիպ ճաճանչաւէտ աստղ մըն է, որ կը տարբերի իր սերնդակիցներէն գրական իր պատմուճանով, այսինքն՝ նկատի ունիմ բանաստեղծութեան բոլոր տարրերը, յղացք, զգայարանք, մտածում, բառագիտութիւն, լեզու, արտայայտչականութիւն, շարադասութիւն եւ մանաւանդ կերպագիտութիւն, այսինքն՝ ոճ: Զ. Մելքոնեան երբեք չեղաւ հետեւորդը դասական ուղիներու, ոչ ալ յամեցաւ իր կերտած շրջագիծին մէջ, այլ եղաւ խրոխտ քերթող մը՝ միշտ որոնելով նորը, միշտ յառաջանալով նոր ուղիներէ դէպի նոր աշխարհ մը, որ կը բաժնէր զայն բոլորէն»:
Զ. Մելքոնեան հրատարակած է բանաստեղծութիւններու՝ 12, թատերգութիւններու՝ 13, քերականութեան՝ 3, հայերէնագիտութեան՝ 3 հատորներ: Զ. Մելքոնեան եղած է խմբագիր՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» գրական ամսագիրին, իսկ որպէս հայերէն լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ՝ դասաւանդած է 22 տարիներ:
Օ. Քէշիշեան, շարունակելով իր վերլուծումները Մելքոնեանի իւրայատուկ ստեղծագործութիւններուն մասին՝ ըսաւ. «Քանի մը քայլ առաջ ոստում մըն էր «Լեռներ Վիհերու Մէջ» հատորը, ուր ան կը ներկայացնէ ժամանակակից մարդուն, ինչպէս նաեւ հայ մարդուն յոյզերը եւ անոր գիտակցութեան գրգիռ պատճառող աղբիւր մը՝ զայն առաջնորդելով մարդասեւեռ մտածումներու ու խոհերու: Մելքոնեան կանուխ տարիքէն ազատ տաղաչափութիւնը ընտրած էր, բայց իր տողերուն մէջ երաժշտականութիւնը միշտ զգալի եղած է, բառակապակցութիւնները՝ յստակ եւ գրեթէ միշտ թելադրական ճանապարհով»:
Օ. Քէշիշեան, անդրադառնալով նաեւ Զ. Մելքոնեանի հայ լեզուի նկատմամբ ունեցած անեղծ պաշտամունքին՝ աւելցուց. ««Ժխորին Մէջ Առանձնութեան» հատորին եւ ընդհանրապէս իր բանաստեղծութիւններուն մէջ կը զգանք իր պաշտամունքն ու սէրը հայ լեզուին ու յաճախ կը հանդիպինք վտանգի ենթարկուած հայ լեզուին, անոր կորուստին մղձաւանջը ապրող մարդուն, Հայաստանի եւ հայրենի հողին անկայուն վիճակին, ազգային բնոյթի երեւոյթներուն հանդէպ լրջութեան պակասին եւ նման ազգասեւեռ ձգտումներու խաթարման մասին, որոնք նիւթ դարձած են Մելքոնեանի անպարագիծ տեսադաշտին: Իր իրատեսութիւնը արտայայտելու համար չի վարանիր ասեղներով խայթելու, երբ յստակօրէն կ՛ըսէ. «Ու թիւը հայերէնի անգործ ուսուցիչներուն կը բազմապատկուի, բայց ես հայերէն գրել կը շարունակեմ. իսկ Հայաստանի հայերէնը՝ Մաշտոցն ալ դժուար պիտի հասկնար»:
Յայտագիրի վերջաւորութեան շնորհակալական ու գնահատական խօսքերով հանդէս եկաւ Զարեհ Մելքոնեանի դուստրը՝ Լինա Մելքոնեանը. ան փաղաքշական կատակախօսութեամբ գնահատեց գլխաւոր բանախօսին ելոյթը՝ ըսելով. «Սիրելի Օշին, այնքան գեղեցիկ արտայայտուեցար այս գիշեր, որ եթէ հայրս ներկայ ըլլար հոս՝ այս ժամուն, անպայման պիտի ըսէր քեզի. «Օշին, յայտնի է, որ աշակերտս եղած ես»»: Լինա Մելքոնեան նաեւ իր մասնաւոր շնորհակալութիւնները յայտնեց յայտագիրին մաս կազմող արուեստագէտներուն ու բոլոր ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով իրենց հրաւէրին՝ եկած էին յարգելու Զարեհ եւ Գոհար Մելքոնեաններու յիշատակը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, ուր հրաւիրեալները առիթը ունեցան երկար խօսելու Մելքոնեաններուն ու իրենց անցեալի ջերմ յիշատակներուն մասին: