ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Դուք մեզ մի՜ կոչէք անյայտ կորածներ,
Կը խնդրե’նք, մարդիկ:
Դուք մեզ յիշեցէ’ք:
Մեր անունները պահեցէք Ձեր սրտերուն մէջ
Եւ սպասեցէք՝
Պիտի վերադառնա’նք,
Մենք օր մը,
Որովհետեւ մենք կա’նք, կ’ապրինք եւ կը գոյատեւենք…
Ապրիլ 24-ի խորհուրդը մեզի կը ստիպէ ազգովին մեր հայեացքը ուղղել ապագային, դասեր քաղել պատմութենէն, ծրագրաւորել մեր քայլերը, յիշել մեր ժողովուրդին պատահած արհաւիրքը, երբեք չմոռնալ, բայց միաժամանակ չապրիլ դառն անցեալով, որովհետեւ դատապարտուած է այն ազգը, որ կ’ապրի մի միայն անցեալի տխուր յուշերով:
Վերապրելով մեր նախնիներու արիութեամբ՝ մենք պէտք է ուժ գտնենք մեր մէջ, ապագայի նոր տեսլականով, ձերբազատուինք Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի բարոյա-հոգեբանական ճնշող եւ մշտապէս հետապնդող բարդոյթներէն:
Ես կը հաւատամ, որ հեռու չէ այդ օրը, ապագայ սերունդները պիտի վայելեն համայն հայութեան կողմէ կատարուած հաւաքական եւ ազգանուէր աշխատանքին բերկրանքը, պիտի վայելեն հայրենազրկուած, տառապեալ մեր նահատակներուն երազանքը:
Մեր հաւաքական ուժով, անբաժանելի եւ անբեկանելի միասնութեամբ ոչ միայն պիտի ամրացնենք մեր պետութիւնը՝ Հայաստանի հանրապետութիւնը, այլեւ պիտի կերտենք մեր նահատակներուն երանելի,բաղձալի ազատ,անկախ եւ Մեծ Հայաստանը: