ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Յոյս ունեմ, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ադրբեջանի արտգործնախարարների Մայիսի 12ի եռակողմ հանդիպումը քայլ կը լինի տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ», 13 Մայիսին Տուշանպէի մէջ ԱՊՀին մասնակցող պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի (ԱԳՆԽ) նիստին յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան:
Ան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը` 9 Նոյեմբեր 2020ին, 11 Յունուարին եւ 26 Նոյեմբերին յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:
Ներկայացնելով հայկական կողմի դիրքորոշումը` Արցախի հակամարտութեան համապարփակ լուծման վերաբերեալ` Միրզոյեան կարեւոր նկատեց խաղաղ գործընթացի յառաջմղումը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան յանձնառութեան տակ: