ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ
Մարդը եւ մտաւորականը՝ Յովհաննէս Աղպաշեան, այլեւ գրողը, խմբագիրը, արաբագէտը, թարգմանիչը, հրապարակագիրը, քաղաքական գործիչն ու երգիծագիրն է որ Պարոյր Աղպաշեան կը ներկայացնէ հետեւեալ գիրքով. «Յովհաննէս Աղպաշեան (Խիկար), տպարան Զինկոկրաֆ Քեստէնեան, Պէյրութ, 2017»: 607 էջ ծաւալ ունեցող ժողովածուն տասնըմէկ գլուխներէ կը բաղկանայ:
«Այս հրատարակութեան ձեռնարկելով, մեր գլխաւոր նպատակը եղած է Յովհաննէս Աղպաշեանի բազմերանգ, բազմախօս ու բազմաբնոյթ մտաւորական ժառանգութենէն բերքահաւաք մը լոյսին բերել, նախ՝ վերարժեւորելու անոր դերակատարութիւնն ու ներգործութիւնը այդ մարզերէն ներս, ապա՝ վերայիշատակագրելու անոր անունն ու վաստակը սփիւռքահայ իրականութեան մէջ»,– կը գրէ հատորը կազմող-խմբագրող-հրատարակողը՝ Պարոյր որդի Յովհաննէսի Աղպաշեանը ժողովածուի ներածականին մէջ (էջ 7):
Մեծ Եղեռնէն վերապրած Յովհաննէս Աղպաշեան (1909-1987) իր յուշերը ամփոփած եւ հրատարակած է «Անուրախ Մանկութիւն» (ամփոփումը կը գտնէք «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան- Գիրք Բ.»-ի էջ 92-ի վրայ) խորագրեալ գրքոյկով (տպարան «Զարթօնք», Պէյրութ, 1985, փոքր չափի 48 էջ): Յովհաննէս Աղպաշեան ծնած է Կեսարիոյ նահանգի Ճիւճիւն գիւղը, 1910-ին, մուսա-լեռցի ծնողներէ: Ան զգալի ներդրում ունեցած է Լիբանանի յառաջդիմական շարժման մէջ իբրեւ թերթի խմբագիր եւ համայնավար գործիչ: Յատկապէս յիշատակելի են «Խիկար» կեղծանունով լոյս տեսած անոր գրութիւնները:
Ժողովածուին առաջին գլուխը խորագրուած է «Սփիւռքեան Հրատապութիւններ, Հիմնախնդիրներ, Հոլովոյթներ»: Այս գլուխի գրութեանց մէջ Յովհաննէս Աղպաշեան ներհայկական հարցեր կը քննէ եւ անոնց լուծումներ կ’առաջարկէ: Մատը վէրքին վրայ դնելով, հեղինակը աշխարհէն կը պահանջէ հայուն իրաւունքը յարգել: Հայը ընդհանրապէս ու հայ պատանին մասնաւորաբար խանդավառուած էր Հայաստանի մէջ իր մայրենի լեզուով սորվելու եւ զարգանալու լայն կարելիութիւն ունենալու յոյսով: Աղպաշեան կը շեշտէ Խորհրդային Հայաստանի հանրապետութեան կարեւորութիւնը լիբանանահայոց համար, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պայմաններուն մէջ: Գլուխի երկրորդ բաժնին մէջ ան կը քննարկէ Հայկական Հարցը Հայրենիքի եւ սփիւռքի տարած ջանքերուն լոյսին տակ: Հայոց պահանջատիրութիւնը հեղինակին համար մեծ կարեւորութիւն ունի: Այս առնչութեամբ, 1946-ին գրուած «Հայկական Հողերու Պահանջքը Անբաժանելի է Ներգաղթէն» խորագրուած յօդուածին մէջ, Աղպաշեան կը ձաղկէ ձաբռտուքները թուրք լրագրողի մը, որ կասկածի տակ առած է բռնագրաւեալ Հայաստանի հողերուն հայոց պատկանելիութիւնը: Յովհաննէս Աղպաշեան քաջ գիտնալով, թէ հայը միայն իր հողին վրայ կրնայ յարատեւել իբրեւ հայ տեսակ եւ պահանջատէ՛ր հայ, կ’ընդգծէ հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը՝ մէջբերելով Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեանի խօսքը թէ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ օրուան տարածքային պայմաններուն տակ կրնար ընդունիլ 350-400 հազար հայ, անոնց բնակարաններ հայթայթել եւ հանգիստ կեանք ու գործ ապահովել: Յաջորդ յօդուածին մէջ Աղպաշեան կը հակադրէ ներգաղթն ու բռնագաղթը: Ան կը յիշատակէ Թալաաթի տխրահռչակ խօսքը. «Հայկական հարցը լուծելու համար երեք ամսուան մէջ աւելի շատ գործ տեսայ, քան Ապտիւլ Համիտ երեսուն տարուան մէջ»: Հայ ազգի վերակենդանացման հրաշքին ակնարկելով Աղպաշեան կը հաստատէ. «Ներկայիս, հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամենէն բախտաւոր եւ լուսաւոր շրջանը կ’ապրի»:
«Հայրենիք-Սփիւռք Յարաբերութիւններ» խորագրուած երկրորդ գլուխին յօդուածները կը խօսին հայրենադարձութեան, Հայաստանի արդիւնաբերութեան զարգացման ու երկրի բարգաւաճման, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, Հայաստանի Գրողներու Միութեան համագումարներուն, նաեւ՝ հայութեան ապագային մասին: Այս գլուխին մէջ կը գտնենք Յովհաննէս Աղպաշեանի հայրենական բանախօսութիւնները եւ Հայրենական Մեծ Պատերազմի յաղթանակի տօնին առիթով արտասանած ճառը:
«Գաղափարական-Քաղաքական» խորագրեալ երրորդ գլուխի հրապարակումներուն մէջ հեղինակին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այն իրողութեան վրայ թէ Բ. աշխարհամարտէն քիչ առաջ Սուրիա-Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ եւ Ճափոնի դէմ դիրքորոշումներ կային: Յօդուածները այն օրերու զինուորական, քաղաքական եւ ռազմավարական հարցերուն մասին են: Կարմիր Բանակին հանդէպ Աղպաշեանի համակրանքը կը բխի իր բուռն եւ անկեղծ հայրենասիրական զգացումներէն: Խիստ եւ անզիջում է Յովհաննէս Աղպաշեանի կեցուածքը նաեւ զուլումի ու անարդարութեան դէմ: Աղպաշեան համոզուած է, որ Խորհրդային Հայաստանի անվտանգութիւնը կախեալ է Խորհրդային Միութեան հզօրութենէն: Թուրքիա, ինչպէս միշտ, Բ. աշխարհամարտին եւս, ցանկապատին միւս կողմէն կը փորձէ աւիշ հայթայթել անիրաւութեան: Այդ գլուխին կարգ մը յօդուածները ցայտուն պոռթկումներ են բռնատիրութեան ու ֆաշիզմի դէմ: Աղպաշեան կը քննարկէ արաբներու հանդէպ Թուրքիոյ բարեկամութեան առաջարկները եւ անհերքելիօրէն ցոյց կու տայ անոնց կեղծուպատիր էութիւնը: Այս գլուխին մէջ կը կարդանք նաեւ կարգ մը արաբական երկիրներու մէջ համայնավարութեան դէմ կատարուող հալածանքներուն մասին: Ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, թէ Արեւմուտքը արաբական երկիրներու մէջ հակառուսական արշաւներ կը հրահրէ եւ կրակին վրայ քարիւղ կը թափէ:
Չորրորդ գլուխին (Միջին Արեւելքը Լուսարձակի Տակ՝ Քաղաքական, Պատմական, Հայ-արաբական Կապեր) մէջ ամփոփուած վերլուծական յօդուածները կը վերաբերին հայ-արաբական կապերուն: Հոս կը գտնենք իսլամ կրօնքին եւ համայնավարութեան բաղդատականը: Աղպաշեան կը խօսի Պաղեստինեան Հարցին մասին եւ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին: Ան կը քննադատէ Արեւմուտքին միջամտութիւնը Լիբանանի ներքին գործերուն՝ ամէն բանէ վեր դասելով Լիբանանի անկախութիւնն ու ազատութիւնը: Երկար յօդուածով մը Աղպաշեան պատմականը կ’ընէ արաբական մամուլին՝ զայն զուգահեռաբար ներկայացնելով հայ-արաբական կապերու զարգացման հոլովոյթին: Ան կը գրէ վասն արդարութեան եւ իրաւունքի Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆարաժալլա Հելուի մարտնչումներուն մասին: Երկու յօդուածներ նուիրելէ ետք օսմանեան ժամանակաշրջանի արաբական ազատագրական շարժման, հեղինակը կ’անցնի հայկական ազգային ազատագրական շարժման պատմութեան: Ուրիշ հրապարակման մը մէջ Աղպաշեան կ’անդրադառնայ Լիբանանի պատմութեան մէջ հայ քաղաքական դէմքերուն եւ ի մասնաւորի Յովհաննէս փաշա Գույումճեանի կեանքին եւ գործունէութեան:
Ժողովածուին «Գրական Կտորներ» խորագրուած հինգերորդ գլուխին մէջ տեղ գտած են հայ գրողներու մասին Յովհաննէս Աղպաշեանի հեղինակած յօդուածները, նաեւ՝ անոր հեղինակած իրապաշտ բովանդակութեամբ պատմուածքները: Աղպաշեան քանի մը յօդուածներով խստագոյնս կը քննադատէ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ Յակոբ Օշականի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի որդեգրած կեցուածքները:
Գիրքին յաջորդ գլուխը խորագրուած է «Գրականագիտական-Գեղարուեստական»: Հոս կը գտնենք թէ՛ անցեալին պատկանող եւ թէ՛ ժամանակակից նիւթեր: Ուշագրաւ է Գուրգէն Մահարիի « «Այրուող Այգեստաններ» երկին գրախօսութիւնը, որուն մէջ Աղպաշեան կ’ըսէ նաեւ. «Այրուող Այգեստաններ» գիրքը՝ սփիւռքի թէ Հայրենիքի մէջ դիմաւորուեցաւ իբրեւ արատաւոր գործ, եւ իբրեւ այդպիսին, ենթարկուեցաւ ոչ բոլորովին արդար դատափետումի յարձակման» (էջ 343): Առարկայական մօտեցումով բացատրութիւններ տալէ յետոյ, Աղպաշեան կը գրէ. «Մահարին «Այրուող Այգեստաններ»ին մէջ հանրագումարի բերած է ոչ միայն իր տաղանդին բոլոր շնորհները, այլ նաեւ իր գրականութեան որոշ մտքերը, որոնց գլխաւոր արտայայտութիւնն է դէմքերու ու երեւոյթներու մէջ ժխտականը խոշորացոյցի տակ առնելու, դրականը, լաւը մարդոցմէ աւելի բնութեան մէջ փնտռելու ձգտումը» (էջ 347):
Յաջորդ՝ վեցերրորդ գլուխին (Գրականագիտական-Գեղարուեստական) մէջ տեղ գտած են առաւելաբար Լիբանանին առնչուող հրապարակումներ: Օրինակ, հոս կը հանդիպինք լիբանանեան յառաջդիմական շարժումի պատմութենէն դրուագի մը՝ խումբ մը աշխատաւոր մարդոց ձերբակալութիւնը, բանտարկութիւնն ու դատավարութիւնը: Աղպաշեան երեւան կը հանէ ու կը պախարակէ Պէյրութի ֆրանսական զինուորական ատեանին կիրարկած բռնատիրական եւ անարդար միջոցներն ու եղանակը: «Մշակոյթի Առեւտրականացումը» խորագրուած յօդուածին մէջ Աղպաշեան կը քննադատէ ամէն անոնք, որոնք «դարձած են հասարակական վերնախաւին որոշ շերտերուն բացարձակ մենաշնորհեալները եւ ըստ նիւթական շահաբերութեան, կը կաղապարեն ու կը ձեւաւորեն հանրութեան հրամցուելիք մշակութային «ապրանքը» » (էջ 384):
Լիբանանի 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմին մասին Աղպաշեան լուրջ մտորումներ յանձնած է թուղթին: Անոր յօդուածներուն մէջ սուր քննադատութիւն կը գտնենք կրակը հրահրողներուն դէմ: Լիբանանի մասին անգիտակ անձ մը այս յօդուածները կարդալով կրնայ լաւ գաղափար կազմել լիբանանցիին ու լիբանանահայուն կենցաղին մասին: Մինչ լիբանանցի ժողովուրդը խաղաղութեան կարօտը սրտին կը սպասէ՝ պատերազմը երկար տարիներ կը շարունակուի: Աղպաշեան շատ առարկայական կերպով կը ցոլացնէ այս հակադիր իրականութիւնը ու կ’ըսէ. «Զինադուլի, հասկացողութեան, հաշտութեան իրարայաջորդ բոլոր փորձերը մնացին ապարդիւն: Արմատական լուծումի շինիչ առաջարկները, մէկը միւսին ետեւէն արժանացան այս կամ այն կողմի վեթօ-ին: Ոմանք՝ հասկնալիօրէն լուծումը կը փնտռեն Սուրիոյ մօտ, ուրիշներ՝ ընդդէմ ատոր, լուծումի գրաւական կը նկատեն իսրայէլեւսուրիական հաւանական բախում մը: Այս երկու հակադիր բեւեռներուն միջեւ կը տարուբերի վատիկանեան միջնորդութիւնը» (էջ 401):
Ժողովածուին եօթներրորդ գլուխը (Խիկարեան Կսմիթներ Եւ Խայթոցներ) յատկացուած է Յովհաննէս Աղպաշեանի երգիծական խայթոցներուն: Աղպաշեան կը շօշափէ ընկերային, կենցաղային, տնտեսական, գրական, մշակութային եւ քաղաքական հարցեր, որոնք կ’արժանացնէ իր դիպուկ հարուածներուն եւ քննադատութիւններուն: Օրինակ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան գրապահոցէն 23 ձեռագիրներու գողութեան եւ վերագտման առիթով ան կը գրէ. «Մեղքին փրկագինը սակայն (50 հազար սթերլին…) բեռցուեցաւ Բարեգործականի եւ անոր նախագահին՝ Ալեք Մանուկեանի վզին, եւ այդպէսով մեղաւորը ապահովութիւն ստացաւ Երուսաղէմ-Լոնտոն գծին վրայ անձեռնմխելի ու անյայտ մնալու: Ո՞վ է այդ մեղաւորը. մօրուսաւո՞ր թէ անմօրուս. սքեմաւո՞ր թէ անսքեմ. մա՞րդ թէ սատանայ» (էջ 559-560):
Ժողովածուն կազմող ու խմբագրող Պարոյր Աղպաշեան հատորին վերջին բաժինը յատկացուցած է Յովհաննէս Աղպաշեանի եւ անոր հետ առընչուող լուսանկարներուն, որոնք յաւելեալ լոյս կը սփռեն Յովհաննէս Աղպաշեան Մարդու եւ Մտաւորականի կեանքին ու մղած պայքարներուն վրայ:
Վարձքդ կատա՛ր, Պարոյր Աղպաշեա՛ն:
Յիշատակդ վա՛ռ մնայ, Յովհաննէս Աղպաշեա՛ն: