«Բագին»-ի աշխատակից Մարուշ Երամեանի ելեկտրոնային նամակը ինչե՜ր կը պատմէ, առանց պատմելու: Ապրուած: Կ’ըսէ. «Այս պայմաններուն մէջ դուրսէն եկած որեւէ խապրիկ աւելի քան ուրախութիւն է: Ճիշդ հիմա ծանր ռմբակոծում է, եւ մօրս տան շատ մօտիկէն: Իրապէս վախազդու վիճակ է: Բայց գիտեմ, որ մինակ չեմ, ամբողջ քաղաք մը բնակչութիւն, այսինքն աւելի քան երեք միլիոն մարդ նոյն վիճակին մէջ է. այս գիտակցութիւնն է, որ կը զօրացնէ մեզ իրարմով»:
Քաղաքացիական պատերազմի անհեթեթութիւնը կ’ապրին մարդիկ, առանց փշաթելերու բանտարկուածներ, որոնք տխուր առօրեայէն դուրս գալու ցանկութիւնը ունին: Կեանքի ցանկութիւն: Այդ պարտադրուած մեկուսացումը որքա՜ն ծանր կրնայ ազդել մանաւանդ մտաւորականին վրայ, որ աշխարհը լսելու եւ անոր արձագանգելու պահանջը ունի: Միաժամանակ կայ գիտակցութիւնը միլիոնաւորներու կեանքը բաժնելու, բացառութիւն չըլլալու, որ այլապէս հարստացնող է վտանգի պահուն: Եւ ի հարկէ, զօրակցութիւնը, ներսը եւ դուրսը, նոյնիսկ երբ հարցեր չի լուծեր, դիմադրականութիւնը կը զօրացնէ:
Այս հաստատումէն անդին, ինչ որ կը գրէ Մարուշ Երամեան, կը մեծցնէ հալէպահայութիւնը: Անպաճոյճ քանի մը խօսքեր, որոնք կը վկայեն հաւատքի եւ հերոսական քաղաքականութեան մը մասին, որ ճառ չէ, բարեսիրական արշաւ չէ, խուճապ չէ, թամթամային երգահանդէս չէ, այլ արմատներու հանդէպ անսեթեւեթ հաւատարմութեան կռիւ է: Կը գրէ. «Մեր հայագիտականի դասերը կ’ընթանան, թէեւ թափառական ենք հիմա. ելանք անշուշտ Ճեմարանէն եւ հիմա դասերը «Ա. Մանուկեան» կեդրոնին մէջ կ՛ընենք: Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ դասի կու գան, մանաւանդ որ կարծես իրենց համար հայագիտականը դարձեր է հաճոյքի միակ միջոցը: Ես մօրս մօտ եմ, որովհետեւ ինք ա՛լ չի կրնար առանձին ապրիլ, իրեն հոգ տանող մը պէտք է»:
Քաղաքացիական պատերազմը ներհամայնքային գործակցութիւնը աճեցուցած է, սերտացուցած, մրցակցական պատնէշներ չկան: Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլայ, որ բոլոր մարզերուն մէջ, եւ ամէնուրեք, պատնէշները անիմաստ դառնան, ժամանակավրէպ:
Ռմբակոծուող քաղաքին մէջ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆԻ ԴԱՍԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ: Խորհրդանշակա՛ն: Երիցս օրինակելի: Ինչո՞ւ հայագիտական դասեր պիտի չկազմակերպուին եւ պիտի չշարունակուին, երբ ռումբեր չեն տեղար, հոն, ուր հայեր կան, որոնք կարգախօսներով կը գինովնան: Այդ շարունակուող դասերը կը վկայեն: Այդ դասերը հայութիւն պահելու, ժառանգելու եւ կտակելու հզօրութիւնն են հալէպահայութեան:
Եւ հակառակ անստոյգ ներկային եւ վաղորդայնին, սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ, Մարուշ Երամեան բանաստեղծութիւն գրած է: Ինք գիտէ, մենք ալ պէտք է գիտնանք, որ ստեղծագործելը կեանքի յատկանիշ է:
Հաճոյքի վայր երթալու պէս, տղաքը կը հետեւին հայագիտականի դասերուն, որպէսզի մեր վաղը լաւ ըլլայ, եւ Մարուշ Երամեան կը բանաստեղծէ, որպէսզի հայու ինքնութեան լոյսը վառ մնայ:
Այս` ոչ միայն քաղաքացիական պատերազմ դաշտ Հալէպի մէջ, այլ ամէն տեղ, ուր հայ կայ, պիտի ըսէր Վահրամ Մավեան:
13 Մարտ 2013, Պուրճ Համուտ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ