Աթենք, «Հայաստան» լրատու ցանց. 17.06.2015
Հաղորդագրութիւն
Յունիս 16, 2015-ին, ըստ նախապէս որոշուած ժամադրութեան, ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Յունահայոց Թեմական Խորհուրդի նորընտիր վարչութեան հանդիպումը Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Տիար Գագիկ Ղալաչեանի հետ:
Յունահայոց Թեմական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Ալէքս Յակոբեան ներկայացուց խորհուրդի անդամները, ապա հակիրճ կերպով բացատրեց համայնքին մէջ տիրող իրավիճակին, գոյութիւն ունեցող ազգային-հոգեւոր, կրթական-մշակութային եւ հասարակական հարցերուն եւ անոնց լուծման ողղութեամբ Թեմական Խորհուրդի նախատեսած ապագայ գործունէութեան մասին:
Թեմական Խորհուրդի փոխ-ատենապետ պրն. Մերուժան Արտենեան շեշտեց կարեւորութիւնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գերակայ դերին սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս յունահայ կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ, Թեմական Խորհուրդի անդամ պրն. Դաւիթ Այւազեան, խօսելով համայնքի յատուկ իրավիճակին, գոյութիւն ունեցող բազմաբնոյթ հարցերուն ու դժուարութիւններուն մասին, Թեմական Խորհուրդի անվերապահ պատրաստակամութիւնը յայտնեց օժանդակելու կրթական, ազգային ու հոգեւոր ոլորտներէն ներս ծագած հարցերու լուծման համար:
Դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան շնորհակալութիւն յայտնելով Յունահայոց Թեմական Խորհուրդին արտայայտած կառուցողական մօտեցումներուն համար, իր հերթին դեսպանութեան համաձայնութիւնն ու համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց Թեմական Խորհուրդին կողմէ իրականացուելիք գործունէութեան առընչութեանմբ, նոյն ատեն շեշտելով կարեւորութիւնը երկկողմ կապերու ամրապնդումին ու Հայաստանի եւ յունահայ համայնքին միջեւ բազմաբնոյթ ծրագիրներու իրագործումին:
Ջերմ եւ իրարհասկացողութեան մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան Արտակարգ Դեսպանորդ եւ Լիազօր նախարար պրն. Մինաս Մարտիկեան, Յունահայոց Թեմական Խորհուրդի անդամներ տիկին Շաքէ Կորիւն, տիկին Մալվինա Ղազարեան, Կատարինէ Ճէվահիրեան եւ պրն. Վարդան Մինասեան:
Յունահայոց Թեմական Խորհուրդ
Տեղեկատուութեան Բաժին
17.06.2015