ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու 2020ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, 15 Նոյեմբերին, 9-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումը ունեցաւ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, հիւրընկալելով Յունաստանի խումբը:
Աւարտախաղերուն հասնելու համար, անպայման յաղթանակի մը կարիքը ունեցող Հայաստանի կազմը, նորանշանակ մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորութեամբ, սակայն առանց իր խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանի (վիրաւոր)՝ 0-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (կիսախաղ 0-1)։
Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, Հայաստանի հաւաքականը պիտի մեկնի Փալերմօ, ուր Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբերին պիտի կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը դաշտին տիրոջ եւ խմբակին առաջատարին՝ Իտալիոյ դէմ:
Զուգահեռ ընթացող Ժ. խմբակի միւս մրցումին Ֆինլանտա 3-0 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ Լիխթընշթայնի դէմ, Իտալիայէն ետք ապահովելով աւարտախաղերու երկրորդ տոմսը այդ խմբակէն: