ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Արթոյին հետ (այդպէս կը կոչէինք զինք, այդպէս ալ մնացինք անուանել) իմ ծանօթութիւնս ընտանեկան եւ ընկերային շուրջ 60 տարուան հարուստ ու հարազատ, մտերիմ ու մնայուն կապերով առնչուած է:
Արթոյենցը, Դամասկոսէն ժամանած ընտանիք մըն էր, որ բնակութիւն հաստատած էր Զարիֆի մէջ (մայրաքաղաքի արեւմտեան կողմ), ուր մենք ալ կը բնակէինք, բաւական մեծ թիւով հայութեան կողքին:
Մեր անմիջականութիւնը խորապէս արմատացաւ ու զարգացաւ, մանաւանդ` հայրենակցական պատկանելիութեամբ, հօրմով ու մօրմով ինք ըլլալով մուսալեռցի, իսկ ես` մօրմով, ամբողջութեամբ ապրելով այդ գողտրիկ մթնոլորտին մէջ, սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով, կենցաղով ու ապրելակերպով:
Արթոյին հայրը` հրեշտականման Գաբրիէլը, մայրը` բուխ ու բոց` Սիման, երէց քոյրը` նկարչուհի Սոնիկը, միջնեկ քոյրը` «լիրիկ» Լուսիկը (հանգուցեալ), կրտսեր քոյրը` հեզաճկուն Յասմիկը, արհեստագէտ եղբայրը` Վագոն, բոլորն ալ մեր ընտանիքին սրտակիցներն էին` Աղպաշ պապուկին (հօրս), տիկին Մարիին (մօրս) եւ Եսիկին (եղբօրս) հետ ունենալով ամէնէն ջերմ ու հարազատական կապեր, ինչ որ ցոյց կու տար անխառն մթնոլորտի մը անխզելիութիւնը, տեւելով երկա՜ր տարիներ:
***
Բնական է` Արթոյին եւ իմ շփումներս շատ աւելի ձեւաւորուեցան ու դրսեւորուեցան, որովհետեւ նախ տարեկից էինք, ապա նոյն հետաքրքրութիւններով ու հայեացքներով դրոշմուած էինք, թէեւ ինք կը յաճախէր ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, իսկ ես` Հայ աւետարանական քոլեճը:
Յաճախ կը կատակէի` «Դուն աւետարանական ըլլալով` պէտք էր յաճախէիր «հայ սքուլ», իսկ ես` Յովակիմեան», բայց ատիկա իրեն համար մասնաւոր նշանակութիւն չունէր, ոչ ալ մտահոգութիւն կը պատճառէր:
Արթոյին նախասիրութիւնները գրական ու նկարչական էին, մշակութային եւ ազգային, պատմական ու քաղաքական, ունենալով իր ուրոյն տեսակէտները, գաղափարները, դիտարկումներն ու դատումները, երբեմն` ծայրայեղական, երբեմն` ինքնայատուկ, երբեմն` անսովոր, երբեմն ալ` համոզիչ:
Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի աշակերտական պարբերաթերթ «Նուիրում»-ին մէջ Արթոն, չզարմանա՛լ, բանաստեղծութիւններ կը գրէր, այդ մարզէն ներս թէ այլ` իր շնորհները ցոյց տալով:
Հետաքրքրական է, երբ շրջանաւարտ եղաւ, իր նշանաբանին մէջ արձանագրած էր, որ համալսարանական կրթութիւնը պիտի շարունակէր «պատմութեան կամ բժշկութեան» գծով, ինչ որ զարմացուցած էր բոլոր զինք ճանչցողները, որովհետեւ եթէ առաջին ընտրանքը հասկնալի էր, երկրորդը® անբացատրելի էր` իր հետաքրքրութիւններու որոշակի առանցքը նկատի ունենալով:
Ասիկա էր Արթոն. հակադրութիւններու ու հակասութիւններու, համակերպութիւններու ու համախոհութիւններու, բայց, անպայմանօրէ՛ն անակնկալ պոռթկումներու եւ որոշումներու® անմրցելի նկարագիր մը` զարմացնելով եւ (ստեպ) զայրացնելով շրջապատի բարեկամներն եւ ընկերները:
Արհամարհելով լիբանանեան որեւէ համալսարանի մէջ իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու մարտահրաւէրները, որոնց կարողութիւնը, միջոցն ու կարելիութիւնը ունէր, նախընտրեց Հայաստան մեկնիլ ու հետեւիլ բժշկութեան ճիւղին` զայն յաջողութեամբ աւարտելով ու վկայուելով որպէս բժիշկ:
Արթոյին հայաստանեան կեանքը եղաւ ամբողջ պատմութիւն մը, այսպէս ըսած, սխրագործութեամբ լի, որովհետեւ հոն գտաւ իր լայն ու խոր հետաքրքրութիւններու անսպառ աղբիւրները` ապրելով հայրենական արուեստն ու մշակոյթը, գրականութիւնն ու պատմութիւնը, մտերմութիւն ու բարեկամութիւն մշակելով անուանի ու նշանաւոր մտաւորականներու եւ ազգային հեղինակութիւններու հետ, չխուսափելով քննադատական իր սլաքները ուղղել բոլոր անոնց, որոնք «անհաշտ» դիրքերու վրայ կը գտնուէին կամ «անհարթ» յարաբերութիւններու մէջ կը ծփծփային, նոյնիսկ քիչ մնաց, որ դառնար անմեղ «զոհ» մը իր տեսիլքներուն ու հաւատամքներուն:
Որքան ալ կարծր եւ անզիջող էր իր համոզմունքներուն մէջ, նոյնքան ալ զգուշաւորութիւն եւ զգօնութիւն կը թելադրէր իր սիրելիներուն` հեռու մնալու չափազանցութիւններէ, բայց` գերազանցօրէն մնալով սկզբունքայնութեան ուղիներուն վրայ:
Ինձմէ մէկ տարի առաջ Հայաստան մեկնած ըլլալով, երբ հոն զիս դիմաւորեց, մտերմաբար պնդեց, որ մնամ կրթական ոլորտներուն մէջ, որովհետեւ պայմանները այդ կը պահանջէին, իսկ ուսումնառութիւնը պէտք էր նկատուէր նախապատուական:
Հայաստանեան իրականութեան մէջ մեր յարաբերութիւնները, ինչպէս միշտ, մնացին սերտ ու ջերմ, եղբայրական ու հասկացողական, իսկ հետագային, երբ իրեն դիտել կու տայի. «Արթօ՛, շնորհակալ եմ, որ «յուշում»-ներդ օգտակար եղան», թէեւ ես միշտ խոտոր ուղիներէ հեռու էի եւ այդպէս ալ մնացի, իսկ ինք` խորազնին իր սեւեռումով եւ ակնարկով, միայն «խօսուն» ժպիտ մը կ՛ուրուագծէր դէմքին վրայ:
***
Արթոն իր մասնագիտութեան ասպարէզին մէջ ճանչցուեցաւ մարդասէր, ծառայասէր, օգնասէր, խղճամիտ ու պարտաճանաչ նուիրեալ մը, կամաւորապաշտ մը, անսակարկօրէն հասնելով բոլորին, առանց սակայն մոռնալու իր պաշտամունքն ու սէրը` գեղեցիկին, ազնուագոյնին, գրաւիչին, հզօրագոյնին, որոնք իր էութիւնն էին` մտքի, գրիչի ու վրձինի արուեստները, որոնց տրամադրեց անհուն ժամեր ու պահեր:
Եթէ ոչ յանկարծ, բայց, անկասկա՛ծ, Արթոն փայլատակումներ ունեցաւ իր թաքնուած, բայց ոչ թաղուած ներաշխարհը բացայայտելու հայութեան եւ արուեստասէր հայ թէ օտար շրջանակներուն, իր պատկերացուցած արուեստն ու կերտած մշակոյթը, իր ստեղծագործութիւնները եւ գրառումները դարձնելով անոնց սեփականութիւնը, զո՛ւտ արթոյական զեղումներով ու զգացումներով:
Այս մարզերէն ներս Արթոն երբեք ինքզինք չկրկնեց, այլ վերանորոգեց, խորացաւ ու ժողովրդականացաւ, յատկապէս երբ իր մօտ ի յայտ եկաւ նոր արուեստամարզ մը` հայկական գորգագործութեան նրբութեան ու հնարքներուն հետ, ինչ որ յաւելեալ վարկանիշ մըն էր իր արուեստը համալրող ու համադրող բերքահաւաքին մէջ:
Արթոն իր հիւրասէր տունը վերածած էր հայրենական օճախի մը, ուր տեղական մտաւորականներու ու արուեստագէտներու կողքին, հայրենի կռունկներ եւս կը ժամանէին, կը մեծարուէին, կը վայելէին` անմոռանալի պահեր ստեղծելով եւ անխորտակելի կամուրջներ կազմելով, Արթոյին պարգեւելով հոգեպարարութեան անփոխարինելի զգացումներ:
Քանիցս զիս եւ կինս` Անին, հրաւիրեց Այնճար, իր սեփական օճախը, հոն անցընելու հաճելի ու երանելի օրեր, սակայն տիրող պայմանները արգելք հանդիսացան, ու չկրցանք վերավայելելու հին ու նոր ժամանակներու բարեկամութեանց անվերադառնալի օրերուն յուշերն ու ապրումները:
***
Վերջին տարիներուն Արթոն ինքզինք իր բժշկագիտութենէն «հանգստեան կոչած» էր, բայց ինքզինք վերակենդանացուցած էր ամբողջովին նուիրուելով իր արթոյական-հոգեմտաւորական-արուեստաստեղծագործական հունաւորումին` ապրելով գերերջանկութիւն մը, ինքնագոհունակութիւն մը եւ ինքնաբաւարարութիւն մը, հոն գտնելով իր ԻՍԿԱԿԱՆ աշխարհը` դպրոցէն, համալսարանէն մինչեւ իր ներկան եւ յաւերժութեան տանող ճանապարհը:
***
Մեկնեցաւ Արթոն` իրեն հետ տանելով ինչպիսի՜ երազներ ու ծրագիրներ, որոնց (հաւանական) իրագործումներով, հաւատացած էր, նորանոր® նորոյթներով հանդէս գալ:
Բայց, անհաւատալիօրէն, գնա՜ց` իր ետին ձգելով բարի անուն մը, տիպար դիմանկար մը, յիշատակելի նկարագիր մը, հաւատարիմ ընկեր մը, տաղանդաւոր արուեստագէտ մը, համբուրելի մարդասէր մը եւ օրինակելի հայրենասէր մը:
Դժուար պիտի ըլլայ մոռնալ անզուգական եւ ազնուագոյն Արթոն, իր ժպտերես ու կատակասէր, սրախօս ու պերճաբան խառնուածքով եւ անձնազոհ բնաւորութեամբ, ընդհակառակը, ան պիտի մնայ կենդանի ներկայութիւն մը` իր ամբողջականութեամբ ու հոգեհարազատութեամբ:
Այս անակնկալ եւ արագ կորուստին առիթով խորին ցաւակցութիւններս` իր կնոջ` բժ. Էմմային, քոյրերուն` Սոնային եւ Յասմիկին, եղբօր` Վարդգէսին եւ համայն ազգականներուն ու հարազատներուն:
Պէյրութ