Ռ. Հ.
Անցեալ օր գրած էի, որ ուզելը լաւ է: Մարդ նախ պէտք է ուզէ, որպէսզի ստանայ: Պէտք է ուզէ պատշաճ չափերու մէջ` ուզելը միացնելով բարի կամքի դրսեւորման մը հետ:
Ընթերցող մը հարցուց.
«Ուզելը լաւ է, բայց տալն ալ լաւ, չէ՞»:
Օ՜ հրաշալի յիշեցում:
Ո՞վ պիտի կարենայ ուրանալ այն ուրախութիւնը, որ կայ դիմացինին բան մը տալու մէջ: Տուէք եւ ուրախացուցէք: Բայց ուրախացողէն աւելի շատ պիտի ուրախանաք դուք, որովհետեւ ուրախութիւն պատճառեցիք ուրիշին: Անշուշտ որ տալն ալ լաւ, ինչպէս ուզելը, նոյնիսկ տալը շատ աւելի լաւ է, քան թէ ուզելը:
Հոս ալ մեր լեզուն ունի սիրուն բառեր: «Ծառայասէր» կ՛ըսենք այն ազնիւ մարդուն, որ կը սիրէ ուրիշներուն ծառայութիւն մը մատուցել, կամ «հաճոյակատար» կ՛ըսենք այն ազնիւ մարդուն, որ կը սիրէ ուրիշներուն հաճոյք պատճառել: Այս ծառայութիւնը ստիպողական չէ, դրամի փոխարէն կամ այլ վարձատրութեան ու ակնկալութեան փոխարէն կատարուած ծառայութիւն չէ: Եթէ այդպէս ըլլար, այդ մէկը պիտի չմտնէր անշուշտ ծառայասիրութեան կամ հաճոյակատարութեան սահմաններէն ներս: Մենք կը խօսինք այն ծառայութեան մասին, զոր ազնիւ մարդը սիրայօժար ու անշահախնդիր կերպով կը մատուցէ պարզապէս դիմացինին օգտակար հանդիսանալու, դիմացինը բանով մը ուրախացնելու համար: Ստիպուած չէր այդ ծառայութիւնը մատուցելու, բայց կը մատուցէ: Որովհետեւ ծառայասէր է, որովհետեւ ան կը սիրէ ծառայութիւն մը մատուցել ուրիշին:
Որքան յաճախ կը պատահի, որ բարեկամ մը մեզի հարցնէ բան մը, կամ` մեզմէ խնդրէ գործ մը, որուն պատասխանելը դիւրին չէ: Մարդ որոշ աշխատանք մը պէտք է տանի, որպէսզի փնտռէ, հետաքրքրուի, ստուգէ, վերջապէս գտնէ այն, ինչ որ իր բարեկամը իրմէ խնդրած է: Ոմանք կը խուսափին այս աշխատանքէն: Ինչո՞ւ աշխատին, յոգնին, փնտռտուք ընեն, երբ այնքան դիւրին է «Չեմ գիտեր», «Չունիմ», «Չեմ կրնար» ըսել ու վերջացնել: Բայց կան ուրիշներ, որոնք գործի կը լծուին, ժամանակ կը վատնեն, որպէսզի ապահովեն փնտռուածը կամ ուզուածը, որպէսզի արդիւնքը հրամցնեն խնդրակատարին: Ի՛նչ ուրախութիւն կայ դիմացինին մատուցուած այս ծառայութեան մէջ: Դիմացինը թերեւս երբեք պիտի չգիտնայ, թէ դուք որքան աշխատեցաք այդ արդիւնքը ապահովելու համար, թերեւս ձեր սպասածէն ալ աւելի կարճ ու չոր շնորհակալութիւն մը պիտի յայտնէ ձեզի, բայց հոգ չէ, դուք արդէն շահաւոր էք, եթէ իսկապէս ծառայասէր մարդ էք: Շահաւոր էք, որովհետեւ շահեցաք դիմացինին ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու ուրախութիւնը: Մեր բանաստեղծները որքան լաւ տողեր գրած են այս տեսակէ ուրախութեան մասին: Մէկը գոչած է.
Օ, Տէր, տուր ինձ ուրախութիւնն անանձնական:
Միւսը ըսած է.
Ինչ որ տուի ուրիշին, այդ է որ մնաց ինծի:
Եկէք ու աւելի յստակ տեսնենք: Օր մը եթէ հեռանանք այս աշխարհէն, մենք մեզի հետ պիտի չկարենանք տանիլ, ինչ որ ստացանք մեր ամբողջ կեանքին մէջ, բայց անպայման մեզի հետ պիտի տանինք բոլոր այն ուրախութիւնները, զորս ուրիշներուն պատճառեցին` անոնց բան մը տալով:
Բայց հարցնենք անգամ մը: Ի՞նչն է, որ կը գտնուի ամէն տեսակ ծառայասիրութեան կամ հաճոյակատարութեան հիման վրայ: Մէկ բան միայն: Սէ՛րը: Մէկու մը հանդէպ սէ՛րը: Կամ` բոլոր մարդոց նկատմամբ սէրը: Եթէ այդ սէրը չկայ, եթէ մարդ ուրիշը չէ որ կը սիրէ, այլ կը սիրէ միայն իր սեփական անձը, այդ մարդը չի կրնար ծառայասէր ու հաճոյակատար ըլլալ: Չըլլայ, որ մարդ անգամ մը սկսի հարցնել.
– Ես ի՞նչ շահ ունիմ ինձմէ խնդրուածը ընելու մէջ:
Անգամ մը որ մարդ այս հարցումը ուղղել սկսի, անկէ վերջ նոյնիսկ եթէ ամբողջ երկինքը վար բերէ, եթէ լեռները անդին հրէ, իր կատարած գործը արժէք չունի, կամ ունի տարբեր տեսակէ արժէք մը, որուն բազմաթիւ անուններ կրնանք տալ, բայց` ոչ «ծառայասիրութիւն» անունը, ոչ ալ` «հաճոյակատարութիւն»-ը:
Տալը լաւ է, եւ գիտենք, որ միայն նիւթական բարիք չէ, որ կու տանք ուրիշին, կու տանք նաեւ բարոյական կամ աննիւթական բարիք: Եւ վերջին հաշուով օր մը կրնանք անդրադառնալ, որ աննիւթական բարիքը շատ աւելի լաւ ու կենսատու է, քան թէ` նիւթական բարիքը: Միայն թէ գիտնանք, թէ ի՛նչ պիտի տանք ու ինչպէս պիտի տանք:
Յիշենք բանաստեղծ Իրմա Աճեմեանը, որ 1971 թուականին, օր մը գրեց.
Տալ տան միայն, գրել պատուել էջերը
Լափել, ուտել տողերու մէջ թաքնուած
Հազար իմաստ, հազար աղօթք Աստուծոյ:
… Լերան ծոցէն ամպին իշխել, չընկրկիլ
Լեցուիլ սիրով, նուիրումով սրբանալ
Տալ տալ երկար, գրել, պատռել էջերը:
Ան որ գնաց ու մեզի թողուց միայն այն, ինչ որ տուած էր ուրիշին:
Աշխարհի վրայ բնականաբար մարդիկ աւելի շատ կը մտածեն առնելու մասին, քան թէ` տալու: Առնելը հաճելի է, երջանկաբեր: Բայց օր մը, երբ պիտի յագենանք մեր ստացածներէն, պիտի անդրադառնանք, որ տալն է, որ կը շահեցնէ, ո՛չ թէ առնելը: