Յակոբ Չոլաքեան
Երեւի բնական երեւոյթ է, որ մեծ ցնցումներէ ետք մարդ յետադարձ ակնարկով մանրավէպեր գտնէ իր կեանքին մէջ ու կը վերիմաստաւորէ զանոնք՝ իրադրութեան պատճառները իւրովի մեկնելու համար:
2014 թուականի երկրորդ կիսուն պէտք է ըլլար. Հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնի մուտքին՝ ոստիկանը ինքնութիւնս եւ որո՛ւն կողմէ կանչուած ըլլալս հաստատելէ ետք արտօնեց, որ բարձրանամ երկրորդ յարկ, ուր կը գտնուէր ծանօթիս գրասենեակը: Երկուքիս կապերը միայն պատմագիտական հետաքրքրութիւններով սահմանափակուած էին: Սպասման սրահի օրիորդը յայտնեց, որ հիւր կայ. պէտք է սպասեմ:
Ներսը յայտնապէս վէճ մը կը ծաւալէր, աւելի ճիշդ՝ մէկը բարձրաձայն կը դժգոհէր: Անյարմար կը զգայի հոն ըլլալուս համար: Երկար սպասելու պէտք չունեցայ; Դուռը բացուեցաւ ու քիչ աւելի եւս կարմրած դուրս ելաւ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը; Իրեն հետ աւելի վաղ ծանօթներ էինք, յուշարձաններու ետեւէ իր վազքին մէջ Հալէպ հասեր էր ու եղեր՝ հիւրս: Մօտեցաւ ու ձեռքի թուղթերը ինծի ցոյց տալով՝ այսպիսի խօսքերով բացայայտեց իր ընդվզումը.
– Ես չեմ կրնար ինծի դէմ կեղծել: Չեմ կրնար ընդունիլ այս կեղծիքը: Արցախը անկախ պետութիւն է, ինչպէ՞ս կարելի է զիս համոզել, որ գիրքիս մէջ Արցախը պէտք է նշեմ իբրեւ Ղարաբաղի ինքնավար մարզ ու ազատագրուած մարզերը՝ իբրեւ Ատրպէյճան:
Հանրապետական ծանօթս հաւանաբար տեսնելով որ վէճը դուրսը կը շարունակուի, դուրս ելաւ ու հանդարտութեան հրաւիրելով Սամուէլը՝ բացատրեց ինծի, որ իրենց թելադրութեամբ Սամուէլի պատրաստած Ղարաբաղի եւ շրջակայքի հայկական ճարտարապետական յուշարձաններու այս պրոշիւրը պիտի տրամադուի Հայաստանի մօտ գտնուող դեսպանատուներուն եւ օտար դիւանագիտական աշխարհին: Իրենց նպատակը այդ տարածքի հայկական պատմական յուշարձանները օտարներուն ներկայացնելն է: Հոն հնարաւոր չէ միջազգայնականօրէն ընդունուած սահմաններ եւ անուանումներ փոփոխութեան ենթարկել. ահագին աղմուկ կ՛ելլէ, տհաճ կացութիւն կը ստեղծուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան համար…՛՛Չի կարելի՛՛:
– Բայց ներքին սպառման համար հարց պիտի չըլլա՞յ,- հարցուցի ես միամիտ:
-Չէ, Յակոբ ճան,- վրայ բերաւ ան-, ով ոնց ուզում ա, թող էնենց գրի…
Սամուէլին չէր հետաքրքրեր, թէ ինչ կ՛ըսեն միջազգայնագէտները: Հոս յայտնապէս պաշտօնական կեղծիքը զինք կը բարկացներ: Իրեն համար Արցախը այն էր՝ ինչ որ ընդունած էր հայ ժողովուրդը՝ Արցախի Հանրապետութիւն: Բոլորս այդպէս կը մտածէինք, բայց ոչ մէկ պետութիւն կամ միջազգային կազմակերպութիւն ճանչցած էր այդ հանրապետութիւնը, ոչ իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ օտար դիւանագիտական աշխարհին առջեւ կ՛ընդունէր գրաւեալ հողերուն իրողութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզը, բայց իր ժողովուրդին, ներքին սպառման համար՝ Արցախը, գրաւեալ տարածքով հանդերձ, անկախ հանրապետութիւն էր:
Սահմանի վրայ թշնամի սահմանապահներու գնդակով ինկող մեր զինուորներու թիւը կ՛աւելնար: Ամէն այդպիսի դէպքէ ետք պատկան միջազգային մարմինները երկու կողմերը հանդարտութեան կը հրաւիրէին, բայց ոչ ոք, ոչ մէկ պետութիւն Ատրպէյճանը կը դատապարտէր: Շատ շատ՝ ՛՛Ղարաբաղի հարցը ռազմական լուծում չունի ու չի կրնար ունենալ՛՛ կ՛ըսէին: Մինչ ռազմական գործողութիւններ կատարելու համար Ատրպէյճանին առջեւ օրինական ճանապարհը բաց էր:
Մենք բոլորս մեր իսկ ստեղծած կեղծիքին վարժուած էինք:
Ես չեմ գիտեր, թէ Սամուէլ Կարապետեանի այդ գրքոյկը ինչպիսի՛ անուններով հրատարակուեցաւ, ինք համաձայնեցա՞ւ թէ ոչ, հրատարակուեցա՞ւ թէ ոչ՝ չեմ գիտեր:
Բայց յիշողութենէս երբեք չջնջուեցաւ յուշարձանագէտի այդ կեցուածքը.- պէտք չէ կեղծել սեփական ժողովուրդին: Կա՛մ մինչեւ վերջ ժողովուրդի կամքը կատարելու վրայ ըլլալ, կա՛մ համոզել, որ հիմա…չի կարելի: Երկու թելի վրայ խաղալը միշտ դիւանագիտութիւն չէ եւ աւելի վատ, երբ ներքին թելով ուրիշ երգ կ՛երգես, իսկ դուրսի թելով՝ ուրիշ: