ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը, Երեւանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ` կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն:
«Եւ մենք ունինք գիտակցումը, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Փառուխի մասին խօսելով` Լաւրով նախ խնդիրը ուղղակի առնչած է սահմանազատման հոլովոյթին հետ եւ հաստատած, որ այդ առիթով պիտի կարգաւորուին նման հարցերը. այսինքն` արցախապատկան այն տարածքները, որոնք կը վերահսկուին ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Այս հաստատումէն այլ մեկնաբանութիւն ակնկալելը դժուար է: Սահմանազատումը այս յայտարարութեամբ կ՛ընկալուի Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Իսկ Փառուխի նման հարցերը, որոնք պիտի քննարկուին եւ պիտի լուծուին, այս պարագային կ՛ենթադրէ առնուազն ԼՂԻՄ-եան տարածքներու, շեշտակիօրէն` Հատրութի եւ Շուշիի կարգավիճակներուն ճակատագիրը:
Սահմանազատումը այս յայտարարութեամբ յստակօրէն կը կապուի Արցախի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանին: Ասիկա կը հիմնաւորուի ո՛չ միայն Փառուխի արցախապատկանելիութեամբ, այլ նաեւ ռուս խաղաղապահ զօրքերուն յղում կատարելու հանգամանքով: Լաւրով կը նշէ, որ Փառուխի կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Իսկ ռուս խաղաղապահութիւնը կը հսկէ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծերուն վրայ:
Պաքուն փաստօրէն սխալ չէր ըմբռնած Լաւրովի գծած սահմանազատման աշխարհագրութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Լաւրովի յայտարարութեան եւ յայտնած. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնախումբերու գործունէութիւնը, ինչպէս նախապէս նախատեսուած էր, կը հետապնդէ երկու երկիրներու պետական սահմանի սահմանազատման նպատակ: Այս հոլովոյթի ծիրին մէջ չի նախատեսուիր քննարկել ազրպէյճանական-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարց, ներառեալ Ազրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներուն առնչուած»:
Պարզ էր Մոսկուային ուղղուած ազրպէյճանական ուղերձը: Պաքուն կը ճշդէր, սահմանազատումը բացառապէս կը վերաբերի Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին: Արցախի Հանրապետութիւնը Պաքուի այս յայտարարութեան մէջ կը նշուի իբրեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանէն դուրս
«Ազրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներ…»: Ուրեմն Պաքուի կողմէ յստակացում սահմանազատման գօտիի աշխարհագրութիւն եւ ուղղակի սլաք Մոսկուային` յիշեցնելու անոր խաղաղապահ առաքելութեան ժամանակաւոր բնոյթը:
Պաշտօնական Մոսկուայի հրապարակած գրաւոր բաժինը վերաշարադրուած է… «Յոյս ունինք, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի գործարկումը պիտի նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ պիտի չարտօնէ Փառուխի տիպի միջադէպեր»:
Էական տարբերութիւն կայ Լաւրովի բերանացի յայտարարութեան եւ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած սղագրութեան միջեւ: Յետադարձը պարզ է: Սահմանազատման գօտին վերադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահման, եւ շեշտուած այդ գործընթացի բարենպաստ ազդեցութիւնը` Փառուխի եւ նմանատիպ միջադէպեր կանխարգիլելու համար:
Մոսկուան ուղերձ փոխանցած է: Պաքուն հակադարձած է: Մոսկուան վերանայած` իր ուղերձը: Բացական` Երեւանն է:
Կան անշուշտ առնչակից գլխաւոր ուժեր, որոնք զուգահեռ կ՛ողջունեն, կը յայտարարեն իրենց խորհրդատուական, գործնական աջակցութիւնները սահմանազատման, սահմանագծման, սահմաններու բացման եւ խաղաղութեան հաստատման ծրագիրներուն` Միացեալ Նահանգներէն Եւրոպա, մինչեւ Թուրքիա:
Թէկուզ վերաշարադրուած, այդուհանդերձ սկզբնական յայտարարութիւնը յուշում է տարանջատելու Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման գործընթացը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման գործընթացէն: Իսկ այստեղ պարզ է տրամաբանութիւնը: Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատումը սկիզբ է խաղաղութեան պայմանագիրին: Առանց հակամարտութեան լուծման կարելի չէ անցնիլ ընդհանուր մեծ օրակարգին: Իսկ կարգաւորումը նախ սահմանազատումն է Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Առանց հակամարտութեան կարգաւորման կարելի չէ անցնիլ խաղաղութեան ծրագիրի ենթակէտին` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման: Թէկուզ վերաշարադրուած, այնուամենայնիւ ռուս դիւանագէտին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուածը այդ մասին կը յուշէ: