4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ անոր պատճառած աղէտին Բ. տարելիցին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Հեռու` ժողովրդահաճութենէ եւ նահատակներուն թափած արիւնը շահագործելէ, Աստուած հոգին լուսաւորէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի նահատակներուն` յուսալով, որ ամէնէն մօտիկ ապագային արդարութիւնը կ՛իրագործուի:
Ձեր ջինջ դէմքերը պիտի մնան հայրենիքի յիշողութեան մէջ, իսկ ոճրագործներուն դէմքերը պիտի մնան նուաստացումով թաթխուած վիճակի մէջ: