ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Թուիթըրի ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Մեկնելով երկխօսութեան զօրակցելու մեր մնայուն կեցուածքէն, բարձր կը գնահատենք Պքերքէի մէջ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն կողմէ հանդիպումի մը հրաւէրը` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մասին քննարկումներ կատարելու եւ լուծումի մը յանգելու երկխօսութիւն կատարելու համար:
Համոզուած ենք, որ տագնապներուն լուծման միակ միջոցը երկխօսութիւնն է: Եւ կը հաստատենք, որ ՀՅԴ-ն պիտի ըլլայ այդ հանդիպումին առաջին ընդառաջողը` Լիբանան հայրենիքը փրկելու նպատակով ի գործ դրուած այս ջանքերուն:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին ու Արամ Ա. վեհափառին հանդիպումին, որուն ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Յ. Բագրատունի, քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին նախաձեռնութիւնը: