ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն աւարտէն ետք լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սահմանադրական գործընթացները, յատկապէս` նոր կառավարութեան կազմութիւնը, վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կատարելէ ետք:
Նախագահ Աուն եւ երեսփոխան Բագրատունի քննարկեցին նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղաթածրարն ու այդ իմաստով ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնի պարտականութեան վերաբերող հարցեր: