ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 21 յուլիս 2022-ին այցելեց Փտածութեան դէմ պայքարելու ազգային խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր ան ներկայացուց իր նիւթական ունեցուածքը` առ ի գործադրութիւն ապօրինի հարստութեան վերաբերող օրէնքին: