Համաշխարհային նորայայտ համաճարակի` «Քորոնա» ժահրի օրերը կ’ապրինք: Մարդկութիւնը ամբողջ կը պայքարի` պահպանելու իր տեսակը, որակն ու դերակատարութիւնը այս երկրագունդին վրայ:
Ճիշդ է, որ հազարամեակներու երկայնքին համաճարակներ «ողողած են» մարդ արարածին կեանքը, իսկ մարդ արարածը կրցած է շրջանցել նման աղէտալի ժամանակներ, այդուհանդերձ կը գիտակցինք, որ լինելութեան օրհասը կ’ուղեկցի մեզի եւ իր մագիլներով կը զգուշացնէ բոլորս` վատագոյն բեմագրութենէ:
Յառաջադէմ գիտութիւնն ու առողջապահական մարզի նուաճումներ տեղ մը նուաստացած հոգեվիճակ մը կ’ապրին, աւելի’ն` անճրկած են, բայց չեն յանձնուած եւ, իրենց կարգին, կը շարունակեն աշխատիլ` սպասելով յուսատու անակնկալներու:
Փաստ է, որ ժահր մը, որ միայն արդիական մանրադիտակով տեսանելի է, կրցաւ ամբողջ մարդկութիւնը ցնցել եւ ահազանգի մատնել: Առողջապահականին առընթեր, տնտեսական համակարգեր թէ միջպետական յարաբերութիւններ փուլ եկան, տակաւին պիտի գան, քաղաքական բացայայտ թէ թաքուն հաշուարկներ յօդս ցնդեցան, պետական մակարդակի ապիկար շերտեր բացայայտուեցան, բազմոլորտ տարողութեամբ վնասներ եւ կորուստներ արձանագրուեցան եւ տակաւին շարունակելի են, այլ խօսքով` «հիւլէական» տարողութեամբ երկրաշարժ մը պատուհասեց մարդկութիւնը:
Ահաւասիկ, վերջին քանի մը ամիսներուն վրայ երկարած օրագրութիւնը, որուն դիպաշարը կանխատեսելի չէ. սա յոռետես մօտեցումն է:
Սակայն, ըստ լաւատես մարդոց, նման իրավիճակներ մարդս կը մղեն ըլլալու աւելի մարդկային եւ յարաբերաբար` նուազ նիւթապաշտ, որովհետեւ նման ահաւոր կացութեան դէմ յանդիման ընկերային կարգն ու սարքը կը բիւրեղանայ, մարդոց միջեւ ստեղծուած վիհը կը նօսրանայ, եւ հարուստի-աղքատի, ուսեալի-անուսի, տգէտի-իմաստունի, մեծի ու փոքրի այսպէս ըսած իրաւունքները կը նոյնանան, կը հաւասարին, տեսակ մը մտածելու առիթ կ’ըլլայ այն իրականութիւնը, թէ մարդը, որ միայն նիւթի մասին կը մտածէ, ագահօրէն հարստանալու եւ շռայլօրէն ապրելու մրցավազքի ելած է, ահա այս կացութեան մէջ կ’ամլանայ, կը թշուառանայ:
Արդ, պարտադրուած տան «կալանք»-ի մէջ ենք բոլորս, որ իր կարգին բարիք մըն ալ կը պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք օրն ի բուն կ’աշխատին եւ ժամանակ իսկ չունին վայելելու ընտանեկան յարկին ջերմութիւնը, խինդն ու ժպիտը, գիրքի ու գրադարանի մտերմութեան հետ ըլլալու պերճանքը, ընթերցանութիւնը, մտորելու եւ ապագայի լաւատեսութեամբ լեցուելու պատեհութիւնը:
Ու երբ օրերը զիրար կը հրմշտկեն, միապաղաղ կեանքի թէ ձանձրոյթի հոգեվիճակ մը կը պատէ մարդ արարածը, աւելի’ն` կարօտի զգացողութիւնն ալ կը սկսի ինքզինք պարտադրել: Կարօտ` գործի, անմիջական ընկերներու, շրջապատի եւ նախասիրութիւններու, որոնց կարգին նաեւ` հայ մամուլի ընթերցանութիւն:
Ու ահա, տարբեր լրատուամիջոցներու կողքին, մեր հանապազօրեայ «հաց»-ը` «Ազդակ» օրաթերթը, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, պարտադրաբար` չորս էջի սահմաններուն մէջ, պարզապէս հասնելու իր լսարանին եւ ամբողջ սփիւռքին:
Փաստօրէն, շնորհիւ նուիրեալներու` խմբագիր, գրաշար, սրբագրիչ, էջադրող, ծանուցող, տպագրող, ցրուիչ եւ այլոց, մամուլի կեանքը կը շարունակուի եւ իր ձայնը լսելի կը դարձնէ շրջապատին: Հոգեպարար եւ սփոփիչ ներկայութիւն մը` դժխեմ այս օրերուն: Այլ խօսքով` «Ազդակ» օրաթերթը, իբրեւ տպագիր մամուլ, անընդմիջաբար լոյս կը տեսնէ եւ իր շունչը կը տարածէ ամէնուրեք: Սա շնորհակալ աշխատանք է եւ բոլորիս երախտիքին արժանի:
Անկեղծ ըսած, մեր կարօտի զգացումը կը յարի մօտիկ անցեալի այն օրերուն, երբ թերթը լոյս կը տեսնէր 10 էջով, ուր կը տողանցէին յօդուածներ, մտորումներ, գաղութային թէ մշակութային լուրեր, հարցազրոյցներ եւ այլն:
Անշուշտ, սա չի ժխտեր այն ճշմարտութիւնը, որ տպագիր թերթը, իր կարգին, կը դիմագրաւէ նուազ ընթերցման օրհաս մը, հաւանաբար «Քորոնա» ժահրի մը տարողութեամբ, եւ որուն ճար ու դարման գտնելու մասին մտածած պէտք էր ըլլայինք վաղուց անտի:
Արդար է յիշեցնել, որ մեր սերունդին` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ տեսածներուս համար, այդքան ալ նորութիւն չէ նման անմիջական կարգադրութիւն (4 էջ), բայց յիշատակելին այն է, որ, ինչպէս անցեալի դժուարին օրերուն, երբ «Ազդակ» լոյս կը տեսնէր շնորհիւ կամքի ու հաւատամքի տէր նուիրեալներու, ահա նոյն թափով մենք ականատես ենք նմանօրինակ վկայութեան մը:
Իրօք, գաղափարական «հաց»-ի կարօտը կ’ապրին վերջին մոհիկանները: