ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը 100 տոկոս պետական մասնակցութեամբ «Նաիրիտ-2» ընկերութեան սեփականութեան իրաւունքով պատկանող շէնք-շինութիւնները եւ հողատարածքը կը ծրագրէ վաճառել «Ա-Ս Ինվեսթմենթ» ընկերութեան: Այս գործարքին մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 1 Մարտիի նիստի օրակարգին վրայ:
Տարածքը պիտի վաճառուի 626.9 միլիոն դրամով:
«Ա-Ս Ինվեսթմենթ» ընկերութիւնը դիմած է վարչապետին՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ձեռք բերել համալիրը եւ զայն օգտագործել իր ծրագիրներու՝ արդիւնաբերական եւ այլ գործարար նպատակներու համար: Կը նախատեսուի նշուած տարածքի վրայ յատկապէս հիմնել արտադրամաս, ժամանակակից շաղախի գործարան, շինանիւթերու արտադրութեան եւ վերամշակման լրակազմ կեդրոն, շինարարական նիւթերու եւ կիսապատրաստուքներու կեդրոնացուած պահեստ, երկաթ-պեթոնեայ եւ պեթոնային շինարարական նիւթերու արտադրամաս, վարձակալութեամբ տրուող պահեստային տարածքներ՝ կահաւորուած անհրաժեշտ բեռնման եւ բեռնաթափման սարքաւորումներով, վարձակալութեամբ տրուող մատչելի գրասենեակային տարածքներ փոքր եւ միջին գործարարութեան համար, բարձրորակ եւ նոյն ժամանակ մատչելի հիւրանոցային համալիր, շինարարական, գիւղատնտեսական ապրանքներու ցուցասրահ, պահեստ, ինչպէս նաեւ սպասարկման, վաճառքի եւ վարձակալութեան կեդրոն, ծանր շինարարական, գիւղատնտեսական սարքերու եւ փոխադրամիջոցներու սպասարկման կեդրոն եւ կայանատեղի եւ միջպետական բեռնափոխադրումներ իրականացնող մեքենաներու կանգառ:
Գնողը պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ կարողութիւններու ստեղծման համար յառաջիկայ 7-10 տարիներուն ներդրել 7.5 միլիառ դրամ եւ նախնական հաշուարկներով ստեղծել 250 նոր աշխատատեղ: