ԵՐԵՒԱՆ.- Արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին, Քիեւի մէջ մասնակցեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 37-րդ նիստին, որուն ներկայ էին ՍԾՏՀԿ անդամ 12 պետութիւններու, 13 դիտորդ երկիրներու եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ:
ՍԾՏՀԿ նախարարական քիեւեան խորհուրդին Հայաստան ստանձնեց կազմակերպութեան նախագահութիւնը: