Պաշտօնական այցելութեամբ Սթոքհոլմ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Շուէտի առաջնակարգ վերլուծական կեդրոններու՝ Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Միջազգային յարաբերութիւններու շուէտական հիմնարկի, Ուփսալայի համալսարանի խաղաղութեան եւ հակամարտութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի, «Եարլ Հեալմարսըն» հիմնարկի ղեկավարութեան եւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին, Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, անդրադարձաւ հայ-շուէտական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:
Արտաքին գործոց նախարարը արժեւորեց Շուէտի հետ համագործակցութիւնը՝ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով, կարեւոր համարելով փոխգործակցութիւնը Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու եւ մասնաւորապէս Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ։ Նախարար Նալբանդեան անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրին ու անոր հետ կապուած համագործակցութեան հեռանկարներուն:
Նախարարը ներկաներուն ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն համատեղ ջանքերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ հարցերու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին կովկասեան եւ յարակից տարածաշրջաններու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ միջազգային հարթակին վրայ տեղի ունեցող գործընթացներուն: