Խորհրդարանը երկրորդ անգամ ըլլալով հրաւիրուած էր գումարելու նախագահական ընտրութեան նիստ մը, որ սակայն կարելի չեղաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ճշդուած նիստին համար խորհրդարանի դահլիճին մէջ ներկայ գտնուեցան միայն 71 երեսփոխաններ, մինչդեռ օրինաթիւը կ՛ենթադրէ 86 երեսփոխաններու ներկայութիւն:
Այս իրականութեան լոյսին տակ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յաջորդ նիստի թուականը ճշդեց հինգշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2022-ը, դարձեալ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքները, ինչպէս նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը ներկայ գտնուեցան նիստին` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան նախագահական իրենց թեկնածուին` երեսփոխան Միշել Մուաուատի թեկնածութեան եւ պատրաստ են քուէարկելու անոր օգտին:
Այս առիթով երեսփոխան Մուաուատ խորհրդարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ այսօր դարձեալ կը կրկնուի օրինաթիւ չգոյացնելու նոյն պատկերը, որ կը կրէ տարբեր խորագիրներ:
Ան յորդորեց ի մտի ունենալ, որ Լիբանան կը գտնուի քայքայուած իրավիճակի մը մէջ:
«Բոլորը համոզուած են, թէ նախագահական ընտրութիւնը դէպի փրկութիւն առաջնորդող քայլ է: Մեր կողմէ լուծման առաջարկ կայ, սակայն հակառակորդ ուժերուն կողմէ ուղեգիծ մը կամ ծրագիր մը տակաւին չ՛երեւիր: Հոս կը փափաքիմ ընդդիմութեան բոլոր ուժերուն յայտնել, թէ փրկութեան հասնելու միակ ճամբան ընդդիմութեան ուժերուն համախմբումն է, իսկ անուններու խաղը մեզի պիտի պարտադրէ, որ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրենք` գործարքներու ընդմէջէն», հաստատեց ան:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուաուատ ըսաւ, որ իրեն համար հիմնական աշխատանքը ընդդիմութեան ուժերը համախմբելն է որոշ ծրագիրի մը շուրջ: «Լիբանան կարիքը ունի լիբանանեան սկզբունքներուն, արաբական աշխարհին եւ իր գերիշխանութեան վերադառնալու», հաստատեց ան:
Հըզպալլայի կողմէ զինք մարտահրաւէրի նախագահ նկատելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուաուատ հերքեց, թէ ինք մարտահրաւէրի նախագահ է` աւելցնելով, որ իրենք Հըզպալլան կը յորդորեն վերադառնալու պետականութեան ծրագիրին: «Անկարելի է հաշտութիւն գոյացնել, եթէ անիկա պետականութեան յարկին տակ չէ», շեշտեց Մուաուատ: