ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ կից ներկայացուած օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքներու ծրարը, որուն ստորագրութեամբ ինքզինք կը զրկէ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ստորագրելու լիազօրութենէն:
Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ հրապարակուելէ ետք:
Այս օրէնքին ընդունումէն ետք նախագահ Արմէն Սարգսեան այլեւս լիազօրութիւն չունի ստորագրելու Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու օրէնքը, որուն հրապարակումէն ետք կը դադրեցուի Սահմանադրական դատարանի 3 անդամներու` Ալուինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանդ Նազարեանի պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել` իբրեւ անդամ:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ հրապարակման յաջորդ օրը: