ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – «Նոր Յառաջ»
Նախագահ Քոչարեանի դէմ սահմանադրական կարգը տապալելու դատը կ՚երկարաձգուի։ Յուլիս 2018-ին սկիզբ առած գործընթացը շուտով երկու տարին պիտի բոլորէ, սակայն տակաւին բուն դատավարութիւնը չէ սկսած։ Կը յետաձգուի պաշտպանական կողմին որդեգրած յատուկ մարտավարութեան պատճառով, որ առանց դադարի միջնորդութիւններ կը ներկայացնէ բուն դատավարութեան մեկնարկը կանխելու համար։ Եւ անկասկած Հայաստանի դատական օրէնսդրութեան մեծ թերութիւններէն է նման առիթներ թոյլ տալը։
Մայիս 13-ին դատաւոր Աննա Դանիբէկեան մերժեց վերջին միջնորդութիւնը՝ չորս վարչապետերու, Հայաստանէն՝ երեք եւ Արցախէն՝ մէկ, որոնք երաշխաւորութիւն ներկայացուցին ազատ արձակելու նախագահ Քոչարեանը։ Այս միջնորդութեան նախորդած էր անցեալ տարի Մայիսին, Արցախի երկու նախագահներուն՝ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի երաշխաւորութիւնը, որ մեծ տագնապ ստեղծած էր, պատճառ դարձած որ այս գործին դատաւորը՝ Դաւիթ Գրիգորեան գործը «կարճէ» եւ դատական թղթածրարը Սահմանադրական դատարան ղրկէ, որմէ ետք ալ սկիզբ առաւ Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը, կառավարութեան եւ Խորհրդարանին կողմէ անոր նախագահին եւ անդամներուն հրաժարականի պահանջը, որ անցեալ Ապրիլ 4-ին պէտք է հանրաքուէով լուծում գտնէր։ Սակայն պսակաձեւ ժահրը պատճառ դարձաւ որ ան յետաձգուի եւ վերջապէս բոլորովին ջնջուի, նկատի առնելով արտակարգ դրութեան երկարաձգումը, որ կ՚արգիլէ նման հանրաքուէի իրականացումը։
Կիրքերը ծայր աստիճան լարուած են, որովհետեւ ըստ երեւոյթին դատական հետապնդումը իրապէս չի կրնար սկսիլ առանց Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամին լուծման, որմէ կախեալ են նաեւ դատական եւ իրաւական համակարգի բարեփոխումները։
Հարցին լրջութիւնը եւ ծանրակշռութիւնը չափելու համար կարեւոր է նկատել երկու երաշխաւորութիւններու պարագային ալ,– երկու նախագահներու եւ չորս վարչապետերու, մինչեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, որ մարդասիրութեան անուան տակ միջամտած էր,– որ՝ անոնք բոլորն ալ այս կամ այն կերպ առնչուած են Քոչարեանի իշխանութեան։ Այսինքն անկախ երաշխաւորներ չեն։ Իսկ դիմացը՝ տուժող կողմը եւ կառավարութիւնը, գիտնալով Քոչարեանի վախազդեցիկ նկարագիրը, երրորդ կողմին՝ վկաներու, տուժողներու շրջապատին վրայ անոր ազդելու կարողութիւնը, բացարձակապէս դէմ են անոր կալանքէն ազատ արձակումին։
Դատաիրաւական համակարգի բարենորոգումը կը կաղայ, որուն պատճառով ալ Քոչարեանի դատավարութիւնը տեղքայլի մէջ է։ Դատաւոր Աննա Դանիբէկեան եւս մեծ ճնշումի ենթակայ է։ Անցեալին երկու անձեր զինք հետապնդած էին ու նեղացուցած, իսկ հիմա դատաւորին անձնական տուեալները եւ բժշկական գաղտնիքները հրապարակ հանուած են։ Հայաստանի դատական համակարգի զարտուղութիւններէն մէկն ալ այն է, որ նման համապետական ու ճակատագրական կարեւորութիւն ունեցող դատի մը պատասխանատւութիւնը կը յանձնուի միայն մէկ դատաւորի դատողութեան։ Կարելի չէ՞ վճռականօրէն մերժել միջնորդութիւններու խաղը եւ սկսիլ բուն դատավարութեան։ Անկասկած կարելի է, սակայն, այդ կը պահանջէ դատական համակարգի ինքնապաշտպանութեան եւ ինքնիշխանութեան ամուր հիմքեր, որ ան կարենայ վճիռ արձակել յանուն հայ ժողովուրդին եւ պետութեան։
Ժ.Չ. ■