Ցուցարարները Կառչած Կը Մնան Իրենց Պահանջներուն`
Մերժելով Հեռանալ Իրենց Հաւաքավայրերէն
Բողոքի ցոյցերը երէկ ութերորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ուղղած պատգամը ցուցարարներուն կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ յուսալքումի առաջնորդող պատգամ մը, որ ոչ մէկ նորութիւն բովանդակեց կամ յստակ կեցուածք արտայայտեց:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ցուցարարները լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ սկսան ճամբաները փակել եւ ժողովուրդը հրաւիրել ցոյցի:
Ցոյցերը կեդրոնացան հիմնականին մէջ Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակներու, Նապաթիէի եւ Քֆարրմմանի, Ժալ Էլ Տիպի, Զուքի, Սայտայի, Թրիփոլիի, Ժիպէյլի, Շուֆի, Սուրի, Մարժի, Արեւմտեան Պեքաայի, Հասպայայի եւ Հալպա-Աքքարի շրջաններուն մէջ:
Այս շրջաններուն մէջ ցուցարարները առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէս գիշեր, հակառակ աննպաստ կլիմային եւ անձրեւներուն, մնացին փողոցին մէջ եւ հրապարակներուն վրայ` շարունակելով պահանջել ներկայ իշխանութեան հրաժարականը եւ վարչակարգին տապալումը:
Անոնք յեղափոխութիւն եւ խաղաղ ցոյց կատարելու իրենց իրաւունքը հնչեցուցին` շեշտելով, որ կը մերժեն փտածութիւնը, գողութիւնը եւ տասնեակ տարիներու խաբէութիւնը:
Հոս անհրաժեշտ է նշել, որ առաջին անձրեւներն իսկ ողողումներ պատճառեցին Զալքայի մայրուղիին վրայ` յստակ դարձնելով այն իրականութիւնը, թէ փտածութիւնը ինքնին կը դժուարացնէ անոր դէմ մղուելիք պայքարը:
Գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ընթացող ցոյցերը ունեցան խաղաղ բնոյթ, բացի Ռիատ Սոլհէն եւ Նապաթիէէն:
Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 7:30-ին, Ռիատ Սոլհի մէջ տեղի ունեցող ցոյցին ընթացքին խումբ մը տղաք, որոնք իրենք զիրենք «Ֆըշ խըլքաք» կ՛անուանէին, եկան հրապարակ եւ հոն գտնուող ցուցարարներուն յայտնեցին, թէ իրենք եւս նոյն պահանջները ունին, սակայն կը մերժեն «Քըլլոն եաանի քըլլոն» կարգախօսը, որովհետեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա բացառութիւն է, եւ իրենք չեն ընդունիր նման ընդհանրացում:
Այս խմբաւորումին ժամանումը պատճառ դարձաւ բախումներու, որոնց պատճառով արձանագրուեցան վեց վիրաւորներ:
Ներքին ապահովութեան ուժերու խափանարարական արարքներու դէմ պայքարող յատուկ ջոկատը մարդկային պատնէշի վերածուեցաւ ութ օրէ ի վեր հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն եւ նոր ժամանած խմբաւորումի անդամներուն միջեւ` փորձելով լարուածութիւնը մեղմացնել:
Իսկ Նապաթիէի պարագային, նախանցեալ օր շրջանին մէջ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ բիրերով եւ սուր իրերով յարձակում մը գործուած էր, որուն պատճառով մեծ թիւով ցուցարարներ վիրաւորուած էին եւ փոխադրուած հիւանդանոց:
Այս միջադէպին լոյսին տակ, Նապաթիէի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Մոհամետ Հիւսէյն Սապահ, Թարեք Պիթար, եւ Ապպաս Հասան Ուեհպէ իրենց հրաժարականները ներկայացուցին` մերժելով Նապաթիէի մէջ բրտութեան նման արարքներու արձանագրութիւնը:
Նշենք, որ ցուցարարները երէկ դարձեալ համախմբուեցան Կեդրոնական դրամատան դիմաց եւ փակեցին դէպի դրամատուն տանող ճամբան:
Միւս կողմէ, վառելանիւթի սիթեռններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Իպրահիմ Սարյինի կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վառելանիւթ հասցնել հիւանդանոցներուն եւ փուռերուն:
Ազատ առեւտուրի սենտիքաները բարձր գնահատեցին ցուցարարներուն շարժումը եւ կոչ ուղղեցին անոնց մայրուղիներուն վրայ երթեւեկը դիւրացնելու:
Փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Քազեմ Իպրահիմ յայտնեց, որ եթէ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը այսպէս շարունակուի, ապա փուռերը կրնան փակուիլ, որովհետեւ անոնք ալիւր չեն ստանար:
Անհրաժեշտ է անդրադառնալ այն իրականութեան, որ Դրամատուներու միութիւնը դարձեալ որոշած է դրամատուներուն դռները այսօր փակ պահել:
Միութիւնը յայտարարեց նաեւ, որ դրամատուներուն աշխատանքը հիմնականին մէջ պիտի ըլլայ «Էյ. Թի. Էմ.»-ի մեքենաներուն մէջ դրամ ապահովել, որպէսզի պաշտօնեաները կարենան իրենց ամսական աշխատավարձերը ստանալ:
Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր յայտնեց սակայն, որ իրենք վստահ են, թէ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապը աւարտելէ եւ կացութիւնը սովորական դարձնելէ ետք, կրնան դրամատնային ամբողջ աշխատանքը համակարգել:
Նախագահ Աուն Ուղղեց Իր Պատգամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ կէսօրուան ժամը 12:00-ին լիբանանցիներուն ուղղուելիք պատգամը մէկուկէս ժամով յետաձգուեցաւ:
Նախագահ Աուն իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ ցոյցերուն պատկերը կը փաստէ, որ լիբանանցի ժողովուրդը ողջ է եւ կարողութիւնը ունի պոռթկալու, փոփոխութիւն յառաջացնելու եւ իր ձայնը լսելի դարձնելու, «սակայն համայնքային դրութիւնը մեզ քանդած է, փտածութիւնը մեր ոսկորներուն հասած է, իսկ երկիրը դէպի անդունդը առաջնորդողները հաշուետուութեան չեն կանչուած», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկիրը կառավարած այն մտայնութիւնը, որ համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած է` երկրին հիմնախնդիրը կը նկատուի` աւելցնելով, որ իր ձգտումն է այդ մտայնութենէն ձերբազատիլ եւ քաղաքացիական պետութեան յանգիլ:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ լիբանանեան պետութենէն իւրացուած գումարներուն վերադարձը անհրաժեշտութիւն է, եւ նշեց, որ ինք այդ մասին օրինագիծ մշակած եւ ներկայացուցած է: «Ո՛վ որ պետութեան դրամները իւրացուցած է, պէտք է հաշուետուութեան կանչուի, սակայն կարեւոր է նաեւ, որ անոր համայնքը կուրօրէն չպաշտպանէ զայն: Կոչ կ՛ուղղեմ պատասխանատուներու հաշիւներուն գաղտնիութիւնը վերացնելու, որպէսզի դատական իշխանութիւնները անոր հիման վրայ խնդրոյ առարկայ անձերը կարենան հաշուետուութեան հրաւիրել», յայտնեց նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ վաւերացուած տնտեսական բարեկարգումներու փաստաթուղթը պիտի ըլլայ Լիբանանի փրկութեան եւ երկիրը տնտեսական ու ելեւմտական փլուզումէ փրկելու նախաքայլը:
«Այդ քայլը պիտի ըլլայ լիբանանցիներուն առաջին նուաճումը, բայց եւ այնպէս անոր պէտք է ընկերակցի օրէնքներու շարք մը, որովհետեւ փտածութեան դէմ մղուելիք իսկական պայքարը կարելի է գործադրել օրէնքներու գործադրութեան ընդմէջէն եւ ոչ թէ կարգախօսներով, պոռոտախօսութեամբ եւ ընտրարշաւներով», նշեց ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանին ներկայացուած են օրինագիծեր, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են պետական գումարի իւրացման յատուկ դատարաններ հիմնելու, իւրացուած գումարները վերադարձնելու, պետական անձնաւորութիւններու հաշիւներուն գաղտնիութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ նախկին նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին իր ձայնը բարձրացնելու եւ պահանջելու երեսփոխաններէն, որպէսզի վաւերացնեն այդ օրինագիծերը, որովհետեւ անոնց հիման վրայ է, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու օրինական հաշուետուութեան պիտի կանչուի:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան ներկայ իրավիճակը վերատեսութեան ենթարկել, որպէսզի երկրին գործադիր իշխանութիւնը կարենայ իր պատասխանատուութիւնները հետապնդել: «Անշուշտ այս բոլորը պէտք է կատարուին երկրին սահմանադրութեան համաձայն», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն հետեւելու բարեկարգումներու գործադրութեան:
«Ձեր դիմաց երկրին հրապարակները բաց են, եթէ որեւէ յապաղում կամ ձգձգում արձանագրուի: Իսկ ես իմ դիրքովս երաշխիքը պիտի ըլլամ եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ բարեկարգումները իրագործելու», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ վարչակարգի փոփոխութիւնը հրապարակներուն վրայ չի կատարուիր, այլ` սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդունելու ցուցարարներուն ներկայացուցիչները` լսելու համար անոնց պահանջները եւ անոնց հետ ունենալու համար շինիչ երկխօսութիւն, որ կ՛արդիւնաւորուի գործնական քայլերով եւ կ՛առաջնորդէ ճշդելու լաւագոյն ընտրանքները, որոնք կ՛ապահովեն լաւագոյն արդիւնքները:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ ողջունեց անոր կոչը, որ սահմանադրական գործիքակազմին ընդմէջէն կարելի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել կառավարութեան ներկայ իրավիճակը:
Պքերքէի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Պշարա Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունի կեցուածքներուն` բարձր գնահատելով լիբանանցի ժողովուրդին հետ անկեղծօրէն խօսելու անոր յստակ ոճը:
Ռայի պատրիարքը դրուատեց հանրապետութեան նախագահին կողմէ ցուցարարները հանդիպումի հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց փտածութեան դէմ պայքարելու, տնտեսական կացութիւնը փրկելու իմաստով եւ լիբանանեան պետութեան իւրացուած գումարները վերադարձնելու առումով անոր խոստումը:
Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` կառավարութեան ներկայ իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու կարեւորութեան գծով:
Ան նշեց, որ այսօր կը պահանջուի կազմել սեղմ կառավարութիւն մը, որ Լիբանանը փրկէ եւ քաղաքացիներուն վստահութիւնը վերահաստատէ:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ժողովրդային շարժումը եւ անոր արդարացի պահանջները սկսած են իրենց պտուղները տալ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն առաւօտեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան վերջին զարգացումները:
Նախագահ Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ, որ նախագահին ներկայացուց Լիբանանի օժանդակ երկիրներու միջազգային համախմբումին կեցուածքը` տիրող ներկայ իրավիճակէն:
Վերոնշեալ այցելուներուն կողքին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարել:
Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պատասխանատուն հաստատեց տնտեսական բարեկարգումներ պահանջելու լիբանանցիներու իրաւունքին Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը:
Համայն Արեւելքի եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարք Եուհաննա Ժ. Եազիժի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին ուղղուեցան Պաապտայի Արդարութեան պալատ, ուր անոնք նախագահ Աունի զօրակցութեան ցոյց մը կատարեցին:
Նշենք, որ վերադատ ատեանի Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ժողովուրդին պահանջներուն մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ կարելի չէ իւրացուած գումարները վերադարձնել, եթէ դատական հետաքննութիւնները սկիզբ չառնեն:
Դատախազ Աուն յայտնեց, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր ինք կ՛աշխատի ապօրինի հարստացման թղթածրարին վրայ եւ այդ իմաստով քայլերու նախաձեռնած է: Ան հաստատեց, որ պէտք է լուրջ հետապնդումներ կատարուին` ընդգծելով, որ ամբաստանեալը անմեղ է, մինչեւ որ անոր յանցանքը փաստուի:
«Ապօրինի հարստացման դէմ պայքարելու համար քաղաքական զօրակցութեան կամ անձեռնմխելիութեան կարիք չունինք, եւ մեր աշխատանքներուն կը սկսինք, երբ համապատասխան թղթածրարներ ունենանք», հաստատեց Աուն:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին մասին Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատունը աւելի ուշ պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու առումով նախագահ Աունի կատարած յայտարարութիւնը յստակ է` աւելցնելով, որ կառավարական կազմը փոփոխութեան ենթարկելու իմաստով կան օրինական եւ սահմանադրական շրջագիծեր, որոնք պէտք է յարգուին:
Պու Սաապ հաստատեց, որ ցուցարարներուն ապահովութեան պաշտպանութիւնը պարտականութիւն է, ինչպէս նաեւ հանրային կալուածներուն պաշտպանութիւնը եւ քաղաքացիներուն երթեւեկի ազատութեան իրաւունքը պահպանելը պարտականութիւն է:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին չէ հրահանգած` բռնի ուժով ճամբաները բանալ, «ընդհակառակն` բանակէն միշտ կը պահանջենք պաշտպանել խաղաղ ցուցարարները», ըսաւ ան:
Պու Սաապ ըսաւ. «Ինչպէս որ ժողովուրդին իրաւունքն է խաղաղ ցոյցեր կազմակերպել, նոյնպէս ալ անոր իրաւունքն է խաղաղօրէն երթեւեկել»:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:
Հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի նշեց, որ վարչապետ Հարիրի ցարդ հրաժարելու որոշում չէ տուած:
Ան նշեց, որ վարչապետ Հարիրի հրաժարելու իրաւասութիւն ունի, բացի եթէ ան կը նկատէ, որ իր հրաժարականը օգտակար պիտի չըլլայ:
Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումը ազգային արդարացի շարժում է` աւելցնելով, որ իրենց տեղեկութիւններուն համաձայն, տարբեր երկիրներու դեսպանատուներ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջած են չհրաժարիլ: Ան նշեց սակայն, որ ժողովրդային այս շարժումին պահանջները ճիւղաւորուած են, եւ պէտք է ճշդել ցուցարարներուն պահանջները:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, արձագանգելով նախագահ Աունի յղած ուղերձին, յայտնեց, որ ներկայ տագնապին լաւագոյն լուծումը կառավարութեան փոփոխութիւնն է, ապա երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը` Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող, արդի եւ ոչ համայնքային օրէնքի հիման վրայ:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկուան իր մամլոյ ասուլիսը առկախելէ ետք, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք համաձայն է, որ կառավարութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկուի` նախարարներով եւ նախարարութիւններով, որպէսզի կարելի ըլլայ վերացնել փտածութեան խորհրդանիշները: