Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ ներկայացուց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ նախագահեց ելեւմտական-տնտեսական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Միքաթի, փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ եւ տնտեսութեան նախարար Ամին Սալամ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ նախագահ Աունի ելեւմտական հարցերու խորհրդատու Ռաֆիք Հատտատ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակելու եւ անհրաժեշտ թղթածրարները պատրաստելու կարեւորութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներ ուղղուեցան վարչապետ Միքաթիի Մինայի բնակարանը, ինչպէս նաեւ բողոքի այլ ցոյց մը կատարեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի բնակարանին դիմաց, Թրիփոլիի մէջ:
Ցուցարարները բողոքեցին երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին եւ ապրուստի դժուար պայմաններուն դէմ: Անոնք պահանջեցին ընդդիմանալ իրանեան ծրագիրին եւ լուծել երկրին ընկերային տագնապները:
Վարչապետ Միքաթիի եւ նախարար Մաուլաուիի բնակարաններուն շուրջ ապահովութեան ուժերն ու բանակը որդեգրեցին ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Նշենք, որ աւելի ուշ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց Միքաթիի կառավարութեան` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին եւ կատարեալ թափանցիկութեամբ գործադրելու բարեկարգումները:
Ապահովութեան խորհուրդը շեշտեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը արագ, անկախ եւ ամբողջական կերպով կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ 2022-ին Լիբանանի մէջ ազատ, պարկեշտ եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու կարեւորութիւնը: