Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ռուսական հարցերու իր խորհրդատուն` Ամալ Ապու Զէյտը, ընկերակցութեամբ Մարալ Նաճարեանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` իր ազատ արձակումին նպատակով անոր ունեցած դերակատարութեան համար:
Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ ապա ազատ արձակուած Մարալ Նաճարեան նախագահ Աունին յայտնեց, թէ ինք Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի աւարտին ուղղուած է Շուշի իր ընտանիքին անդամներուն հետ եւ հոն գերեվարուած:
Մ. Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ նախագահ Աուն միջամտած է զինք ազատ արձակելու ջանքերուն մէջ եւ Ամալ Ապու Զէյտին վստահած` ռուս պատասխանատուներուն հետ այդ հոլովոյթը հետապնդելու աշխատանքը:
Մարալ Նաճարեան նշեց, որ նախագահ Աուն կը շարունակէ իր ճիգերը` ազատ արձակելու համար նաեւ իր նշանածը` Վիգէն Իւլճեքեանը, որուն հետ գերեվարուած էր ինք:
Ան մաղթեց, որ Վ. Իւլճեքեան մօտիկ ապագային ազատ արձակուի:
Սփիթերի. «Վատիկանի Համար Կարեւոր Է Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութիւնը, Իսկ Պապը Համոզուած Է Լիբանան Այցելութեամբ»
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք կատարած այցելութիւնը եւ այդ այցելութեան ազդեցութիւնն ու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շրջանը բաղկացնող տարբեր շերտերուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան մասին պապին շեշտադրումը:
Սփիթերի յայտնեց, որ Վատիկանի համար Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է գործադրել բարեկարգումները եւ պայքարիլ փտածութեան դէմ: Ան հաստատեց, որ նախագահ Աուն համոզուած է փտածութեան դէմ պայքարի ընթացքով:
Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան` Սփիթերի ըսաւ, որ Ֆրանչիսկոս պապը համոզուած է Լիբանան այցելութեամբ, եւ մենք պէտք է այդ այցելութիւնը կազմակերպենք:
Սփիթերի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան վերջնական թուական չէ ճշդուած:
Նախագահ Աուն Ռիատ Սալամէէն Պահանջեց Դրամատնային Մարզը Մաքրագործել
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 8 մարտին նախագահական պալատին մէջ գումարուած ելեւմտական, ապահովական եւ դատական ժողովին լոյսին տակ, երէկ նախագահ Աունի ելեւմտական հարցերու խորհրդատու Շարպել Քըրտահի հանդիպում մը ունեցած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ` զսպելու համար ամերիկեան տոլարի սակին բարձրացումը եւ կասեցնելու համար լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը:
Նախագահ Աունի քաղաքական եւ տեղեկատուական խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին կարդաց հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած է, թէ Կեդրոնական դրամատունը պիտի միջամտէ` հակակշռելու համար ամերիկեան տոլարի սակը, երբ կարիքը զգացուի:
Ան նշեց, որ Սալամէ խոստացած է Կեդրոնական դրամատան ե-հարթակին մեկնարկը կատարել եւ զայն վերածել շուկային վրայ օգտագործուելիք իսկական սակին:
Քոսթանթին ընդգծեց, որ նախագահ Աուն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին ըսած է, թէ պէտք է խիստ վարուիլ, դրամատնային մարզը մաքրագործել եւ մրցակցութիւնը կասեցնել, ինչպէս նաեւ աշխատիլ, որ երկրին նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատուի եւ շրջանին մէջ Լիբանան դարձեալ դրամատնային խարիսխի վերածուի: