Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Պէյրութի Իրաւաբաններու սենտիքայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին բարեկարգում վկայել, հակառակ այն խոչընդոտներուն, որոնք կ՛արգելակեն բարեկարգումներ իրագործելու քայլերը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ժողովրդային շարժումը վերացուցած է շատ մը կարմիր գիծեր` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային պիտի վկայեն բոլոր լիբանանցիները գոհացնող աշխատանքներ:
Նախագահ Աուն նշեց, որ իշխանութեան մէջ փտածներ կան եւ անոնց ծանօթ են` աւելցնելով սակայն, որ զարմանք պատճառողը այն է, թէ այդ փտածները պաշտպանող շրջանակներ գոյութիւն ունին:
Ան շեշտեց, որ կարելի չէ փտածները դատավարութեան ենթարկել` առանց անոնց դէմ փաստեր ունենալու, «հետեւաբար մենք կը փափաքինք, որ ժողովուրդը մեզի հետ դիմադրէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ազգային դրամանիշին դէմ գործողները պէտք է դատավարութեան ենթարկուին` հաստատելով, որ դատական իշխանութեան օրէնքներուն մէջ կան որոշ հարցեր, որոնք պատճառ կը դառնան յարուցուած դատական հարցերու քննութեան ուշացումին: «Այդ օրէնքները պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին», ըսաւ նախագահ Աուն:
Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշի եւ Էլի Պրաղիտ, այցելած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ առաջարկած, որ կազմուի անկախներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ որդեգրէ նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:
Պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին հաստատած է վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները արագացնելու կարեւորութիւնը:
Պատուիրակութիւնը հաստատած է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ ոչ մէկ արգելք ունի, որ նախագահ Աուն ի՛նք նշանակէ բոլոր քրիստոնեայ նախարարները, պայմանով որ անոնք ըլլան անկախներ, ինչպէս` Սելիմ Էտտէ: