Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ունեցաւ հարցազրոյց մը` անդրադառնալու համար վեցամեայ նախագահական իր նստաշրջանին ընթացքին արձանագրուած միջադէպերուն, նուաճումներուն, բացթողումներուն եւ դժուարութիւններուն:
Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ ունեցած իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին, նախագահ Աուն հաստատեց, որ ծովային սահմանագծում կատարած են, որպէսզի պատերազմը կանխարգիլեն:
«Ծովային սահմանագծումի համաձայնութեամբ մենք մեր իրաւունքը աւելիով ստացանք եւ ամրապնդեցինք զայն ու լիբանանցիներուն նոր յոյս ներշնչեցինք, որովհետեւ սահմանագծումը առիթ պիտի տայ կազ եւ նաւթ արտահանելու, որ իր կարգին միջոց մըն է` Լիբանանը անդունդէն փրկելու: Նախքան մեկնիլս այս է իմ նուէրս լիբանանցի ժողովուրդին», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան մէջ չկայ ստորագրութիւն մը կամ յօդուած մը, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան կ՛առաջնորդէ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը չի փափաքիր, որ սուրիացի տեղահանուածները տունդարձ կատարեն, այլ կը պայքարի այդ քայլին դէմ եւ կը խօսի լիբանանցիներուն հետ տեղահանուածներու համարկումին մասին:
Ներկայ կառավարութեան անդրադառնալով` նախագահ Աուն ըսաւ, որ այս կառավարութիւնը վստահութիւն չի վայելեր եւ չի կրնար իշխել, եւ ես անոր հրաժարականը ընդունելու սեմին կը գտնուիմ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւն կազմելու կամք չունի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմելու իմաստով պէտք է յստակ չափանիշներ ըլլան, եւ այդ սկզբունքին հիման վրայ նոր կառավարութեան կազմութեան առիթ պիտի տամ մինչեւ նախագահութեան նստաշրջանիս աւարտը:
Նախագահական ընտրութեան նպատակով երկխօսութիւն կատարելու հաւանականութեան ակնարկելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք համոզուած է, որ կարելի չէ երկխօսութեամբ թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իրաւունք ունի խորհրդակցելու երեսփոխանական պլոքներուն հետ: «Նոյնիսկ եթէ նախագահական նստաշրջանս աւարտի, Պըրրի իրաւունք չունի հանրապետութեան նախագահի դերակատարութիւնը ստանձնելու», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ելեւմուտքի նախարարն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը պատասխանատու են ելեւմտական քաղաքականութեան: Ան ըսաւ, որ ինք պահանջած է փոփոխութեան ենթարկել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, սակայն համաձայնութիւն չէ գոյացած այս իմաստով, «իսկ փտածութեան դէմ պայքարը թշնամիներ ստեղծեց ինծի համար», նշեց ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլան իր լռութեամբ օժանդակած է իր իշխանութեան` աւելցնելով, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը սիամական երկուորեակներ են, որոնք եթէ բաժնուին` արիւնահեղութիւն կը պատահի:
Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, եւ Հըզպալլայի զէնքի պահպանումը ունի իր պատճառները, «իսկ անոր ապազինումին մասին խօսողները քաղաքական հակառակորդներ են», շեշտեց ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրաւունքը բարեկամ չէ ձգած իր շուրջը` քաղաքական կեանքին մէջ, «սակայն իսկական բարեկամներս լիբանանցիներն են, եւ այս իրականութիւնը փաստուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին յաղթանակ արձանագրեց», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքը չվաւերացնելու պատասխանատուն խորհրդարանի նախագահն է: «Աստուած երկար կեանք տայ Պըրրիին. ան 1992-էն խորհրդարանի նախագահ է, եւ մարդիկ կը սիրեն զինք: Սակայն այն օրինագիծը, որ ինք չուզէ վաւերացնել, ապա զայն կը յղէ ելեւմուտքի նախարարութեան եւ անոր դարակներուն մէջ կը պահէ զայն», յայտնեց ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հոգատարը չէ, եւ եթէ ան սխալի, ապա ինք կը վճարէ իր սխալին գինը: «Պասիլ համախմբումի նախագահ է եւ նկարագիրի տէր անձ, եւ այդ պատճառով ալ կը մերժեն անոր հետ խօսիլ», յայտնեց ան:
Նախագահ Աուն եզրափակեց ըսելով, որ եթէ երկրին իշխանութեան մէջ արմատացած ներկայ անձնակազմը չփոխուի, ապա ոչ մէկ բարեկարգում պիտի կատարուի: «Լիբանանցիներուն կ՛ըսեմ, որ դուք իմ հետս էիք, եւ ես մնացի ձեզի հետ: Մնացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ պիտի վերադառնամ ձեզի` փոփոխութեան իրականացման համար պայքարելու: Իսկ ո՛վ որ հետս չէ, թող իր խիղճը քննութեան ենթարկէ», նշեց ան: