Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Ֆրետերիքօ Լիման, որուն յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ գործակցութիւնը` լուծելու համար երկրին տնտեսական սուր տագնապը:
Նախագահ Աուն Լիմային հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ պահանջուած բարեկարգումները կատարելու:
Իր կարգին, Լիմա ընդգծեց, որ ինք ուրախ է Լիբանանի մէջ այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելու առիթով: Ան մաղթեց, որ Լիբանան անյապաղ իրագործէ անհրաժեշտ բարեկարգումները, որոնց շարքին են` քեփիթըլ քոնթրոլը, դրամատնային գաղտնիութիւնն ու այլ քայլեր, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են դրամատնային մարզը վերակառուցելու աշխատանքին:
Լիմա այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Նախագահ Աուն ընդունեց Անթիկուա եւ Պարպուտայի վարչապետ Կասթոն Ալֆոնսօ Պրաունը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական, մշակութային եւ զբօսաշրջական մարզերուն առումով երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Քննարկուեցաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ կան մեծ թիւով լիբանանցիներ, որոնք կը փափաքին ներդրումներ կատարել Անթիկուա եւ Պարպուտայի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ուսանողներ փոխանակելու ծրագիրը քաջալերելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատուեցաւ լիբանանեան գաղութին ունեցած դերակատարութիւնը Անթիկուա եւ Պարպուտայի մէջ:
Պրաուն ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան կատարած իր այցելութեան համար` հաստատելով, որ անիկա առաջին այցելութիւնն է` նկատի ունենալով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները հաստատուած են 2017-ին:
Պրաուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Անթիկուա եւ Պարպուտայի պաշտօնական դեսպանի նշանակումը կը փաստէ, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը ի՛նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Պրաուն հաստատեց, որ Անթիկուա եւ Պարպուտայի մէջ կ՛ապրին երկու հազար լիբանանցիներ, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին երկրին տնտեսութիւնը, կրթական եւ զբօսաշրջական մարզերը բարելաւելու մէջ: