Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը եւ քննարկեց յատկապէս տեղական իրադարձութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Շրջանային Իրադարձութիւնները Իրենց Հետեւանքները Չունենան Լիբանանի Վրայ»
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց ապահովական հարցերու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիլ Միշոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները իրենց հետեւանքները չունենան Լիբանանի վրայ:
Ան նշեց, թէ Լիբանան ամէն տեսակի պաշտպանութիւն եւ դիւրութիւն կը տրամադրէ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն` ՄԱԿ-ի հետ երկկողմանի գործակցութեան շրջագիծին մէջ:
Նախագահ Աուն դրուատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ անոր օգնականին բանեցուցած ջանքերը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու նպատակով:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները տակաւին կը շարունակուին` խախտելով հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու` հսկելու համար հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան:
Ան նշեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ քաղաքական համաձայնութիւնը ամրապնդելու, կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:
Նշենք, որ Միշօ բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ միջազգային կազմակերպութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքը, յատկապէս` պաշտօնեաներուն անվտանգութիւնը եւ ազատ երթեւեկը երաշխաւորելու իմաստով:
Ան ներկայացուց Լիբանան եւ կարգ մը այլ երկիրներ իր կատարած այցելութեան նպատակը` ընդգծելով Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց Իան Քիւպիչը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու իր ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը:
Քիւպիչ իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւնը կազմելը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ գործակցութիւնն ու լիբանանեան բանակին, ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ եռակողմանի հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին գնահատուեցան զօր. Տել Քոլի ի գործ դրած ջանքերը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: