Լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի յաւելեալ արժեզրկումին լոյսին տակ, ելեւմտական բնոյթի նիստ մը գումարուեցաւ երէկ, նախագահական պալատին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւուին իրաւական հաշուեքննութեան «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան կողմէ:
Նախագահ Աուն պնդեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն իրաւական հաշուեքննութիւնը սկսի, ինչպէս նաեւ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը գործադրուի:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հաշուեքննութիւնը իրականացնելիք ընկերութեան պէտք է յանձնուին պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը, որպէսզի ընկերութիւնը աշխատանքի սկսի եւ առաւելագոյնը 12 շաբաթ ետք միջազգային տեղեկագիր հրապարակէ այդ մասին:
Խալիլ եւ Սալամէ հաստատեցին, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` ամբողջացնելու համար Լիբանանէն պահանջուածը: