Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները միջնորդող պատուիրակութեան ամերիկացի նախագահ Ճոն Տերոշէն, որուն հետ քննարկեց սահմանագծումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց սահմանագծումին իմաստով Լիբանանի անշեղ կեցուածքը` ընդգծելով ծովային իրաւունքները, որոնք Լիբանանին կը պատկանին:
Քննարկուեցան նաեւ բանակցութիւնները շարունակելու եւ անոնց շրջագիծը ընդլայնելու կարելիութիւնները, եւ այս իմաստով Լիբանանի ունեցած փաստաթուղթերը, որոնք կ՛արտօնեն անոր ընդարձակելու իր սահմանները եւ բարեփոխելու բանակցութիւնները:
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը չճշդեց անուղղակի բանակցութիւնները վերսկսելու թուական մը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի, որ Տերոշէ ուղղուի Իսրայէլ` հանդիպում մը ունենալու համար Իսրայէլի նոր վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի հետ` քննարկելու համար ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, եւ ըստ այնմ ճշդելու բանակցութիւնները իրենց կանգ առած կէտէն սկսելու կարելիութիւնն ու նոր թուականը:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ ամերիկացի բանագնացը իր դերակատարութիւնը ունենայ` բանակցութիւնները մղելու դէպի արդար եւ պարկեշտ խորհրդակցութիւններ` առանց նախապայմաններու, այլ` միայն իրաւունքի վրայ հիմնուած ըլլալու իրականութեամբ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Իսրայէլ չի կրնար միակողմանի իր կեցուածքը պարտադրել ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր գերիշխանութեան եւ հողային ու ծովային տարածքներու ամբողջականութեան: