Բազմահազար Ցուցարարներ Հաւատարմութիւն Յայտնեցին
Հանրապետութեան Նախագահութեան Նկատմամբ
Երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն սկսեալ Լիբանանի զանազան շրջաններէ Լիբանանի դրօշակներով, փտածութեան դէմ ու հաշուետուութեան եւ բարեկարգումի պահանջներու կարգախօսներով բազմամարդ երթեր կազմակերպուեցան դէպի Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակ` «Միասնութեան կիրակի» անուան տակ: Հոն հաւաքուած բազմահազար ցուցարարները բարձրացուցին իրենց բողոքները եւ հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն ցոյցերը մինչեւ կառավարութեան կազմութիւն, հետեւաբար այսօր ընդհանուր գործադուլ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ճամբաներու փակում յայտարարեցին:
Երէկ նաեւ Աքքարի զանազան գիւղաքաղաքներէն ցուցարարներու բազմութիւններ ուղղուեցան դէպի Հալպայի եւ Ապտայի հրապարակները` ընդառաջելով «Միասնութեան կիրակի»-ի կոչին: Անոնք եւս Լիբանանի դրօշակներ կը ծածանէին եւ ընկերային պահանջներու վերաբերեալ կարգախօսներ կը հնչեցնէին:
Զուգահեռ բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Թրիփոլիի, Սայտայի, Սուրի, Նապաթիէի եւ Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ: Ուշ երեկոյեան փակուեցան Ժալ Էլ Տիպի, Շեւրոլէի եւ Ռինկի կամուրջի ճամբաները: Այս ցոյցերը եկան իբրեւ հակազդեցութիւն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի նախագահական պալատին շրջափակին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` ի զօրակցութիւն նախագահ Միշել Աունին կատարած բազմամարդ ցոյցին եւ վարչապետի նշանակման համար խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ձգձգման:
Երէկ ուշ ժամերուն, ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած էին յայտարարութիւններ, որոնք ցուցարարները կը հրաւիրէին հիմնական ճամբաները փակելու առաւօտեան ժամը 5:00-էն սկսեալ:
Երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համակիրները լիբանանեան զանազան շրջաններէն պատուիրակութիւններով ուղղուեցան նախագահական պալատ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու նախագահ զօր. Միշել Աունին:
Այս շրջագիծին մէջ Պաապտայի մէջ համախմբուած ցուցարարներուն առջեւ խօսք առաւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ` ընդգծելով, որ հոսանքը սկսած էր ամբողջական փոփոխութիւն պահանջող ժողովրդային շարժումի մը, որուն հարկ է միանալ եւ մասնակից դառնալ, եւ որ ինք կոչեց «սեղանի շրջում», իսկ ժողովուրդը իր բողոքի ցոյցերով կանխած էր այս շարժումը:
Պասիլ յայտնեց, որ նախապէս զգուշացուցած էր իր գործընկերները, որ ներկայ իրավիճակին առջեւ պիտի գտնուինք, եւ անոնք իրենք իրենց առիթ տուած էին մինչեւ 31 հոկտեմբեր, «սակայն ժողովուրդին ցոյցերը կանխեցին մեզի եւ մենք հոս կը գտնուինք զօրացնելու եւ միանալու ժողովուրդին», ընդգծեց ան: Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` Պասիլ ըսաւ. «Շատեր ենթադրեցին, որ անտարբեր էք ձեր հայրենիքին հանդէպ: Ես մօտէն հետեւեցայ ու լսեցի ձեր ձայները եւ ինքզինքս տեսայ ձեր զայրոյթին մէջ: Մենք ալ ձեզի պէս ապստամբեցանք անարդարին դէմ, եւ որքան որ զգացի ձեր անկեղծ զայրոյթը, նոյնքան զգացի անարդարութիւնը, որուն կ՛ենթարկուիմ: Յեղափոխութիւնը ապստամբութիւն է անարդարին դէմ, սակայն ատիկա անարդարութիւն չի կատարեր, ապա թէ ոչ դատապարտուած է շիջումի: Արդար չէ, որ երկու անգամ անիրաւութեան ենթարկուինք` մէյ մը փտածութեան խորհրդանիշներուն, մէյ մըն ալ փտածութեան զոհերուն կողմէ:
«Եթէ բոլորը` փտածներն ու արդարները, մեղադրենք փտածութեամբ, ապա ոչ ոքի հաշուետուութեան կրնանք կանչել, հետեւաբար «բոլորը այսինքն` բոլորը», լոզունգը պէտք է հաշուետուութեան համար գործածուի եւ ոչ` անիրաւութեան, որովհետեւ բոլորս փտած չենք: Փտած են անոնք, որոնք իրենց պալատները կերտեցին պետութեան եւ ժողովուրդին դրամով»:
Պասիլ կոչ ուղղեց «հաւատարիմ ժողովուրդին» իրենց զօրակցութիւնը ստանալու նախագահ Աունէն եւ մաս կազմելու նախագահին պաշտօնավարութեան երկրորդ կէսին անոր ծրագիրին զօրակցութեան, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան դիմաց ներկայ եւ անցեալի պատասխանատուներուն դրամական հաշիւներու բացայայտման կը հրաւիրէ:
«Յեղափոխութիւնը պէտք չէ աւարտի փտածներուն պատասխանատու պաշտօններու վրայ մնալով, իսկ արդարներուն հեռացումով: Փտածներուն դատավարութիւնը արդարադատ ատեանին պատասխանատուութիւնն է: Ստանձնեցինք գործեր եւ իրականացուցինք ծրագիրներ, եւ մեր նպատակն էր նուաճումներ արձանագրել` քան մեր դիմագիծը աղաւաղել, սակայն ճշմարտութիւնը ուշ թէ կանուխ երեւան կ՛ելլէ»:
Պասիլ եզրափակեց` յայտնելով, որ գալիք օրերը դժուար օրեր պիտի ըլլան: «Մեր շարքերուն մէջ դաւաճանները քիչ են, եւ դժուարին օրերուն երկու բան երեւան կու գայ` վախը, որ կը հասկնանք, եւ դաւաճանութիւնը, որ չենք հասկնար, եւ պատճառաբանութիւն չունի: Կ՛ըսեմ, որ իւրաքանչիւր անձրեւէ ետք արեւ կը ծագի, իսկ Ազգային ազատ հոսանքը Լիբանանի արեւն էր ու պիտի մնայ»:
Երէկ, նախագահ Աուն նախագահական պալատէն պատկերասփռուած ելոյթ ունեցաւ եւ իր խօսքը ուղղեց իրեն զօրակցութեան համար Ազգային ազատ հոսանքին հրաւէրով պալատին առջեւ համախմբուած ժողովուրդին` կոչ ուղղելով անոնց միանալու փողոցին, որովհետեւ նոր հրապարակները կարիքը ունին աջակցութեան եւ ջանքի, ըսաւ ան ու աւելցուց, որ բազմացան հրապարակները, սակայն անոնք պէտք չէ իրար դէմ լարուին, իսկ փտածութեան դէմ պայքարը, տնտեսութեան վերականգնումն ու քաղաքացիական պետութեան ստեղծումը կը պահանջեն բոլոր կողմերուն համագործակցութիւնն ու հրապարակներու միացումը:
«Դուք հոս հաւաքուած էք վերանորոգելու համար ձեր ուխտը, բարի եկած էք: Ես ալ խոստումիս եւ ուխտիս հաւատարիմ եմ: Բազմացան հրապարակները, եւ ապստամբեցաւ ժողովուրդը, որ կարիքաւոր եւ իրաւունքները ոտնակոխուած կեանք մը կը վարէր ու կորսնցուցած էր իր վստահութիւնը պետութեան նկատմամբ. հոս է հարցը, որուն լուծումը պէտք է գայ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ փտածութիւնը դիւրութեամբ չի վերանար, քանի որ տասնամեակներ շարունակ արմատացած է եւ միայն միասնական ճիգով կարելի է յաղթահարել զայն:
«Մենք երեք կէտերէ բաղկացած ճամբու քարտէս մը գծեցինք` փտածութեան դէմ պայքար, տնտեսութեան վերականգնում եւ քաղաքացիական պետութեան ստեղծում: Ասոնք չեն կրնար դիւրութեամբ իրականանալ` մենք պէտք ունինք ձեր ջանքերուն եւ հրապարակի մը, որ կը բաղկանայ ձեզմէ եւ բոլոր միւս ցուցարարներէն, որպէսզի պաշտպանէք ձեր շահերը: Այս նպատակներուն իրականացումը ձեր իրաւունքն է` թէկուզ խոչընդոտողներ ըլլան, եւ հետեւաբար պիտի միանանք եւ շարունակենք միասնաբար: Եկած էք ինծի ըսելու, որ դուք իմ հետս էք, եւ ես ձեզի կ՛ըսեմ, որ ես ձեզի հետ եմ, եւ ձեր ընդմէջէն կը տեսնեմ Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը: Ձեզի կ՛ըսեմ, որ ես ալ ձեզ կը սիրեմ, կը սիրեմ բոլորդ, այսինքն` բոլորդ», եզրափակեց ան:
Հաղորդակցութիւններ` Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւններէն Առաջ
Շաբաթ, 2 նոյեմբեր 2019-ին, նախագահական պալատին լրատուական գրասենեակէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր հիմնականօրէն կ՛ընդգծուի, որ նախագահ Աուն կարեւոր հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու նախօրեակին` լուծելու համար կարգ մը հանգոյցներ, ինչ որ կը միտի դիւրացնել կառավարական կազմութեան հոլովոյթը: Իսկ կազմուելիք կառավարութեան առջեւ մարտահրաւէրները կ՛ենթադրեն արագ, սակայն ոչ հապճեպ մօտեցումներ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ տարբեր եւ շինծու լուրեր կը տարածեն խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուական մը որոշած չըլլալուն առումով: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ`
Առաջին` վարչապետ Հարիրիին հրաժարումէն ի վեր, նախագահ Աուն կը կատարէ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կանխող անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները` մեկնելով երկրին ներկայ պայմաններէն, որոնք կը պահանջեն կառավարութեան իրավիճակին հանդարտ լուծման մօտեցում: Ասիկա ներկայ հանգոյցները կը լուծէ, մինչեւ որ վարչապետի նշանակումը ստանայ իր բնականոն ընթացքը, ինչ որ կը դիւրացնէ ապագային կառավարութեան կազմութիւնը:
Երկրորդ` ըստ հանրապետութեան նախագահին, կազմուելիք կառավարութեան դիմագրաւելիք մեծ մարտահրաւէրները կը պարտադրեն արագ, սակայն ոչ հապճեպ մօտեցումներ, որովհետեւ նման պարագաներու մէջ աճապարելը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ:
Նախագահական պալատի լրատուական գրասենեակը դիտել կու տայ, որ խորհրդակցութիւններու թուականը շուտով կը յայտարարուի` նկատի առնելով, որ առաջին անգամը չէ, որ նախագահը խորհրդակցութիւններէն առաջ կառավարութեան կազմութեան խորհրդատուութիւններ կը կատարէ, եւ այդ կը կատարուէր ներկայ պայմաններէն շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ:
Պատրիարք Ռայի. «Ով Պատասխանատուներ, Ժողովուրդը Անգամ Մը Եւս Մի՛ Յուսահատեցնէք Եւ Անգամ Մը Եւս Փողոց Մի՛ Տանիք Զայն»
Կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին իր տուած քարոզին ընթացքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն, որ անգամ մը եւս չյուսահատեցնեն ժողովուրդը եւ չստիպեն, որ անգամ մը եւս անիկա փողոց դիմէ:
Մէջբերելով Մատթէոսի աւետարանէն (16.18) «դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս, ու դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր» համարը` Ռայի պատրիարքը դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ գաղտնիքը Քրիստոսի վրայ հաւատք ունենալն է եւ Անոր սէրը մարմնաւորելն ու փոխանցելն է բոլոր մարդոց: Այն երիտասարդ լիբանանցիները, որոնք քաղաքակիրթ կերպով յեղափոխութիւն կատարեցին, քաղաքական գործիչներուն փտածութիւնը մերժելը եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը վստահութիւն կը ներշնչեն եւ կ՛իրականացնեն պէտք եղած բարեկարգումները, եւ զարկ կու տան տնտեսութեան եւ ընկերային արդարութեան, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովեն հայրենիքին մէջ երիտասարդութեան ապագան: Երիտասարդութիւնը այլեւս չ՛ընդունիր կիսագործնական լուծումներ եւ այլեւս չի հաւատար խոստումներուն. բոլորը անխտիր բոլոր հրապարակներէն ըսին, որ այսուհետեւ վստահութիւն չունին քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ, ըսաւ պատրիարքը: Ան աւելցուց, որ ժողովուրդը կը պահանջէ կազմութիւնը չէզոք եւ սեղմ կառավարութեան մը, որ կը բաղկանայ բարձր բարոյականի տէր եւ յաջողած ու վստահելի անձնաւորութիւններէ` հեռու համայնքային ախորժակներէ եւ կուսակցական պատկանելիութենէ: «Հետեւաբար, պէտք է սկսիլ բարեփոխումներուն` առանց պատճառելու յուսախաբութիւն», յայտնեց ան:
Ժոմպլաթ. «Ոմանք, Անհեթեթ Մարդու Մը Կամ Քաղաքական Հոսանքի Մը Համար, Կը Ձգտին Սահմանադրութիւնը Տապալել»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը մէջ նշեց. «Երկրին քաղաքական եւ անոր հետեւող տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամին գագաթնակէտին ներքոյ, եւ համաժողովրդական շարժումին կարգ մը, եթէ չըսենք ամբողջ քաղաքական խաւին վար առնելէն ետք, կու գան անոնք, որոնք կը միտին տապալել սահմանադրութիւնը` կառավարութիւն կազմելու եւ զայն գործի լծելու պիտակին տակ` անհեթեթ անձի մը կամ քաղաքական հոսանքի մը համար: Հետեւորդի մը նշումը»:
Սամի Ժեմայէլ. «Անընդունելի Է Կառավարութեան Կազմութեան Համար Խորհրդակցութիւններու Ուշացումը»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր կուսակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական թեւին հետ կատարած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ իսկական փոփոխութեան համար պէտք է փոխել կառավարութիւնն ու խորհրդարանը. առաջին քայլը մասնագէտներու կառավարութեան կազմութիւնն է, իսկ երկրորդը` վեց ամիս ետք խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Ան աւելցուց, որ իրենք խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը կրճատելու օրէնք մը ներկայացուցած են, որպէսզի կարելի ըլլայ սոյն ժամանակահատուածին ընթացքին կատարել ընտրութիւնները եւ փոխել խորհրդարանին ներկայ պատկերը:
Ան կուսակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական թեւերուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի ապագային եւ բարեփոխման համար անոնց ցուցաբերած հաւատքին ու վճռակամութեան համար` դիտել տալով, որ իրենք իրաւունք ունէին իրենց գրաւին մէջ` թէկուզ իրենց անցուցած բոլոր դժուարութիւններուն մէջ:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ իշխանութիւնները տակաւին կը կառչին հին մօտեցումներուն, այսինքն` կը ձգձգեն խորհրդակցութիւնները, մինչեւ որ կողմերը մէջ-մէջի բաժնուին իրենց շահերը, եւ չեն հասկցած տակաւին, որ փողոցի յեղափոխութիւնը ճիշդ այս մօտեցումին դէմ է:
Ան աւելցուց, որ անընդունելի է կառավարութեան կազմութեան համար խորհրդակցութիւններու ուշացումը. կը պահանջուի ականջ տալ ժողովուրդին: Միլիոնաւոր լիբանանցիներ ճամբայ իջան պահանջելու չէզոք, ինչպէս նաեւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնը, հետեւաբար պէտք է խորհրդակցութիւնները կատարել այնպէս մը, որ խորհրդարանական խմբակցութիւնները նախագահին յայտնեն, թէ ժողովուրդին կամքը պէտք է իրականանայ եւ չէզոք վարչապետ մը նշանակուի:
Միքաթի. «Ձեզ Կը Զգուշացնեմ Թրիփոլիի Անվտանգութեան Հետ Խաղալէ Եւ Կռիւներ Յառաջացնելէ»
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ իր դէմ ծաւալած արշաւները պիտի չարգիլեն զինք մարդոց դատերը որդեգրելէ, ինչպէս նաեւ իր կեցուածքը բարձրաձայնելէ երկիրը անդամալուծողներուն, տնտեսութիւնը քայքայողներուն, միջազգային ընտանիքին առջեւ Լիբանանի դիմագիծը աղաւաղողներուն եւ հիմնական հարցերը անձնականացնողներուն դէմ, որոնք երբեմն կը մերժեն համաձայնիլ Թրիփոլի ելեկտրականութիւն մատակարարել, ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ կազմակերպիչ յանձնախումբեր յառաջացնել եւ երբեմն ալ քաղաքական կեցուածքները կը վերածեն անձնական շահերու:
Թրիփոլիի մէջ «Ազմ» միութեան հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց շուտափոյթ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութեանց անհրաժեշտութիւնը եւ կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի դրական ցնցում յառաջանայ հանրային կարծիքին մէջ եւ դրական մթնոլորտ ստեղծուի հիմնական բարեփոխումներու որոշումներու եւ անոնց կիրարկման ու ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու համար: Ան յոյս յայտնեց, որ պատասխանատու կողմերը տեսնեն, որ ներկայ կացութիւնը չի վերցներ կողմերու շահաբաժիններու բաժանում, իրար դէմ լարուածութիւն ու հարցերու անձնականացում:
Ան աւելցուց, որ կարելի չէ խօսիլ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը յառաջացումին մասին, որովհետեւ ասիկա քաղաքական խոչընդոտներու պիտի հանդիպի: Ան յայտնեց, որ ինք առաջին մէկ օրէն անհրաժեշտ գտած է յառաջացնել մասնագէտներու ժամանակաւոր կառավարութիւն` բաղկացած վստահելի անձնաւորութիւններէ, որոնք հիմնականօրէն կ՛արծարծեն պիւտճէի եւ ընտրութիւններու հարցը: Այս լուծումը ճամբու քարտէս կը դնէ յաջորդ փուլին համար, քանի որ անկարելի է անտեսել ժողովուրդին մօտ խորհրդարանին վստահութեան վերականգնումը ներկայ շարժումէն ետք եւ վերջին շաբաթներուն կատարուած իրողութիւնը:
Խօսելով նիւթական եւ տնտեսական իրավիճակին մասին` Միքաթի ըսաւ, թէ ճիշդ է, որ Կեդրոնական դրամատունը կրցաւ վերջին իրադարձութիւններէն դուրս գալ, սակայն պէտք ունինք հիմնական ճիգերու եւ բոլոր ուժերուն կողմէ զոհողութեան, որպէսզի շրջանցենք այս փուլը: «Ամէնէն արագ միջոցին պէտք է ուժեղ տնտեսական քայլերու դիմել», նշեց ան:
Միքաթի եզրափակեց, որ շատեր տարիներ շարունակ աշխատած են աղաւաղել Թրիփոլիին դիմագիծը, սակայն մեզ կ՛ուրախացնէ, որ Թրիփոլիի, ինչպէս նաեւ հիւսիսի եւ ամբողջ Լիբանանի երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ քաղաքին ճշմարիտ դիմագիծը: Յեղափոխութեան դրական կէտերէն մէկը այդ էր, որ վերադարձաւ այդ դիմագիծը: