Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն քաթարական «Շարք» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Քաթար տուած իր այցելութեան եւ այդ երկրին ու Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու խորութեան եւ բիւրեղութեան: Ան խօսեցաւ նաեւ շրջանային եւ լիբանանեան ներքին հարցերու ու թղթածրարներու մասին` յատկապէս շեշտելով, որ լիբանանեան բոլոր կողմերը պարտին խոր քննութեան ենթարկել ներկայ կացութիւնը եւ համապատասխան ելքերու մասին մտածել:
Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ Քաթար Լիբանանի մնայուն բարեկամն է, երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին` նախորդ դարու 50-ական թուականներէն, անոնց միջեւ դիւանագիտական կամ քաղաքական ոչ մէկ բիծ արձանագրուած է: Ըստ անոր, իր այցելութիւնը լաւ առիթ էր յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման թափ տալու: Զօր. Աուն յայտնեց, որ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ հանդիպումը շատ դրական եւ արգասաբեր էր, անոր ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանի եւ Լիբանանի զարգացումներուն, մանաւանդ որ Լիբանան ուղղակիօրէն կ՛ազդուի արաբական եւ Ծոցի երկիրներուն մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններէն: Իշխանը նաեւ իրազեկ դարձած է լիբանանեան ներքին բոլոր զարգացումներէն` պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ դուրս գալ իր տագնապներէն եւ վերագտնէ կայունութիւնն ու լաւատեսութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը` պատասխանելով դիւանագիտական տագնապին վերաբերող հարցումի մը, յայտնեց, թէ Քաթար տուած իր այս այցելութիւնը ցուցանիշ է, որ ինք անձամբ, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները ընդհանրապէս հետամուտ են Լիբանանը պահելու ազդու դերակատար մը արաբական ընտանիքին մէջ, եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ պահպանելու այս ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին հետ: Ըստ անոր, Լիբանան չի կրնար մոռնալ կամ ուրանալ, որ Ծոցի պետութիւններէն «սպիտակ ձեռքեր» երկարեցան իրեն, երբ ինք ծանր պայմաններու ու տագնապներու մէջ էր, ինչպէս նաեւ անկարելի է անտեսել, թէ լիբանանցիներ այդ երկիրներուն մէջ ինչպէ՛ս հիւրընկալուած են եւ կը վայելեն յատուկ հոգածութիւն: Ան յոյս յայտնեց, որ այս մոխրագոյն ամպը շուտով կը փարատի եւ երկխօսութեան, վստահութեան եւ փոխադարձ յարգանքի յարաբերութիւնները կը վերականգնին:
Լիբանանեան ներքին կեանքին մասին խօսելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան բաւական զգայուն եւ վտանգաւոր վիճակի մը դէմ յանդիման է` տնտեսական եւ քաղաքական առումով, ուստի ան մեծապէս կարիք ունի լիբանանեան ընտանիքի բոլոր անդամներու համախմբումին եւ երկխօսութեան, որպէսզի միասնաբար կարելի ըլլայ այս վիճակէն դուրս գալու ճամբու քարտէս մը որդեգրել եւ համախոհութեամբ գործել անոր գործադրութեան ի խնդիր: Հաստատելով, որ լիբանանցին այլեւս անկարող է հանդուրժել տիրող վիճակը, հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց բոլորին խորքային քննարկում կատարելու, անկեղծ երկխօսութիւն ծաւալելու եւ քննելու երկրի վերականգնման ուղիները:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական գործիչներուն միջեւ վիհը այնքան խորացած է, որ անոնք կ՛անտեսեն լիբանանցի քաղաքացիներուն ապրած մղձաւանջային վիճակը, կը մոռնան իրենց տարրական պարտաւորութիւնները, ուստի` իբրեւ նախագահ, իր պարտականութիւնն է անոնց միջեւ կապ ստեղծել, տեսակէտները մօտեցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքին թափ տալ, որովհետեւ առանց անոր ոչ մէկ դրական քայլ կարելի պիտի ըլլայ տեսնել, առանց կառավարութեան համախմբումին, գումարելիք ժողովներուն եւ ծրագրաւորումներուն ո՛չ լիբանանցիներուն, եւ ո՛չ ալ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը կարելի պիտի ըլլայ վերաշահիլ: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին` իրենց խիղճին հետ դէմ յանդիման գալու եւ զօրակցութիւնն ու միութիւնը կարգախօս ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին վերադարձնել իր արժանապատուութիւնը եւ կերտել առողջ հիմեր ունեցող տնտեսութիւն ու երկիր:
Պատասխանելով յառաջիկայ տարի կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցումի մը` նախագահ Աուն յայտնեց, որ կարեւոր որոշում տուին ընտրութիւնները իրենց ճշդուած թուականին կատարելու, որովհետեւ ասիկա լիբանանցիներու իրաւունքներուն հիմնականը կը նկատուի ներկայիս, եւ անոր ընդմէջէն է, որ քաղաքացիները պիտի կարենան իրենց ներկայացուցիչները ընտրել խորհրդարանին մէջ, եւ ժողովրդավարական դրութիւնը պիտի պահպանուի այդպիսով: Ան շեշտեց, որ ժամացոյցին սլաքները կարելի չէ ետեւ տանիլ, ո՛չ ալ սահմանադրական կարգերը, իսկ լիբանանցիները արժանի են իրենց խօսքը ըսելու այս ընտրութիւններուն ճամբով, փոխելու այսօր տիրող ցաւալի վիճակը: «Ուստի անգամ մը եւս կը հաստատեմ, որ հետամուտ եմ այս ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին եւ դիմակայելու զայն արգիլելու կամ խոչընդոտելու որեւէ փորձ», հաստատեց նախագահ Աուն: