Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունին ներկայացուցած է 2022-ի պետական ամավարկի քննարկումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ` ընդգծելով զայն վաւերացնելու եւ խորհրդարան ուղարկելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ համաձայնած է, որ կառավարութեան նիստը նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 10 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:
Ան աւելցուց, որ կը նախատեսուի պետական ամավարկը վաւերացնել, նոյնիսկ եթէ անոր վերջնական ձեւի որոշումը քանի մը նիստի կարօտի:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մարզին տրամադրուելիք առ հաշիւ գումար յատկացնելու նախագիծը պետական ամավարկէն անկախ պիտի ուղարկուի խորհրդարան:
Ան հաստատեց, որ նախարարները կը մերժեն շարունակել նախորդ երեսուն տարիներուն ընթացքով, այլ խօսքով` միշտ առ հաշիւ գումար տրամադրել ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման համար:
«Պէտք է յստակ որոշումներ տալ այն իմաստով, որ կա՛մ ելեկտրականութիւն կ՛ըլլայ եւ կա՛մ չ՛ըլլար: Մասնակի լուծումներ անբաղձալի են նախարարաց խորհուրդին համար», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ելեկտրականութեան մարզին համար կարիքը ունինք ամբողջական եւ յստակ ծրագիրի մը, որուն հիման վրայ պիտի իմանանք, թէ ե՛րբ Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքի ծառայութիւնը շուրջօրեայ պիտի ըլլայ, իսկ հիմա ի՞նչ է կացութիւնը:
Նշենք, որ Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` հանրապետութեան նախագահին յայտնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ողջոյններն ու Լիբանան-Թուրքիա ամրապնդուած յարաբերութիւնները պահելու անոր յանձնառութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ նկատի ունենալով նախարարաց խորհուրդին դիմաց կուտակուած հարցերը, որոշուած է երեքշաբթի, 8 փետրուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարել կառավարութեան ընթացիկ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 76 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Միւս կողմէ, Մարդկային եղբայրութեան միջազգային օրուան առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ Մարդկային եղբայրութիւնը արժէք մըն է, որուն վրայ հիմնուած է Լիբանանը` իբրեւ ազգային համերաշխութեան հայրենիք: «Այդ արժէքը պէտք է պահպանել, որովհետեւ անիկա այսօր վերածուած է համաշխարհային արժէքի, որուն հիման վրայ կը ստեղծուին այլ հասարակութիւններ` պահպանելով հանդերձ զիրենք բաղկացնող ընկերութեան տարբեր շերտերը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն աւելցուց, որ Լիբանան, որ մաս կազմած է ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու միջազգային յայտարարութեան մշակումին եւ զայն որդեգրած է իր իսկ սահմանադրութեան մէջ, կը հաւատայ, որ մարդկութիւնը միացնողը փոխադարձ յարգանքն է, որ իր կարգին խաղաղութեան մշակոյթին դիմաց դռները լայն կը բանայ:
Նշենք, որ նախագահ Աուն «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան իրեն յղուած քուէյթեան յուշագիրին նկատմամբ դրական մօտեցում ցուցաբերած է` աւելցնելով, որ յուշագիրը կը բովանդակէր կէտեր, որոնց հետ համաձայն էինք, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ կէտեր, որոնք զգայուն էին, եւ այդ պատճառով ալ առաջարկեցինք զանոնք քննարկել լիբանանեան եւ Ծոցի երկիրներուն կողմէ բաղկացած միացեալ յանձնախումբի մը ընդմէջէն:
Ան նշեց, որ այս իմաստով քուէյթցի միջնորդին պատասխանը դրական էր` նկատել տալով, որ ներկայիս կը սպասեն Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պատասխաններուն:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք ոչ ոքի իրաւասութիւններուն վրայ յարձակում կը գործէ` աւելցնելով, որ իբրեւ այդպիսին կը պահանջէ միւսներէն յարգել նաեւ իր իրաւասութիւնները, որոնք հանրապետութեան նախագահին տրուած են երկրին սահմանադրութեամբ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք պատրաստ է Սուրիա այցելելու` նախքան իր իշխանութեան աւարտը` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ արգելք կը գտնէ այդ այցելութիւնը կատարելու առումով, եթէ նշմարէ, որ անոր կարիքը կայ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք 31 հոկտեմբեր 2022-ին պիտի հեռանայ նախագահական պալատէն, նոյնիսկ եթէ կարելի չըլլայ անմիջապէս նոր հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումը կը շարունակուի` հաստատելով, որ Հըզպալլայի հետ բաժանում չկայ, այլ այդ համաձայնագիրը զարգացնելու պատրաստակամութիւն:
Լիբանանցի կարգ մը քաղաքական ղեկավարներու եւ կարգ մը պատասխանատուներու մասին իր կարծիքը յայտնելով նախագահ Աուն նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ քմահաճ է, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ` սադրիչ, իսկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ` խուսանաւող: