Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումին անուղղակի բանակցութիւնները վարող լիբանանեան պատուիրակութեան հանդիպումին, որուն ընթացքին արժեւորուեցան բանակցութիւններուն առանցքը եւ յաջորդող քայլերը` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ ամերիկեան ընկերութեան մը հետ համաձայնութիւն ստորագրած է ծովային վիճելի տարածքին մէջ նաւթ պեղելու նպատակով:
Նախագահ Աուն ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Մաուլաուի յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի այդ ընտրութիւնները 30 մարտէն առաջ կայացնելու` աւելցնելով սակայն, որ անիկա կարիք ունի օրէնսդրական միջամտութեան` ընտրական օրէնքին վերաբերող կարգ մը կէտեր բարեփոխելու եւ նոր ժամկէտներ ճշդելու իմաստով:
Մաուլաուի նախագահ Աունի հետ քննարկեց նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան տարած աշխատանքը` յառաջիկայ գարնան երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու նպատակով:
Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին Լիբանանի խօսքը առցանց պիտի ուղղէ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին յղեց շնորհաւորագիր մը` Սէուտական Արաբիոյ ազգային տօնին առիթով: Ան կոչ ուղղեց թագաւորին ամէն ջանք ի գործ դնելու` արաբական միասնականութիւնը ամրապնդելու համար: