Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ նախագահեց ելեւմտական հարցերու յատուկ նիստի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նախարարի պաշտօնակատարներ եւ տնտեսական ու ելեւմտական մարզերու ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը շրջանցելու կարելիութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ներկայացուց շարք մը առաջարկներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն լիբանանեան դրամատնային մարզին նկատմամբ վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները անհպելի են, եւ երկրին դրամատնային դրութիւնը կը շարունակէ մնալ ազատական:
Նիստէն ետք Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային իրադարձութիւնները, որոնք սկսած են լրջօրէն վնաս հասցնել տնտեսական արդիւնաբերութեան:
Սֆէյր նկատել տուաւ, որ տնտեսական տագնապը լուծելու իմաստով նախագահ Աունի ներկայացուցած առաջարկներէն ետք, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին պարտականութիւն տրուեցաւ Դրամատուներու միութեան հետ համագործակցիլ` որդեգրելու համար պէտք եղած քայլերը, որոնք կը միտին պաշտպանել դրամատնային մարզին նկատմամբ վստահութիւնն ու հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները:
Սֆէյր նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ Capital control-ի դրութիւն չի կիրարկուիր:
Նիստին մասնակցեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Մանսուր Պթէյշ, ներդրումի եւ արհեստագիտութեան պետական նախարարի պաշտօնակատար Ատել Աֆիունի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր, Դրամատուներու քննիչ խորհուրդի նախագահ Սամիր Համմուտ, հրաժարեալ վարչապետի տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերու խորհրդատու Նետիմ Մունլա եւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ արձանագրուած զարգացումները: