Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ:
Նախագահ Աունի եւ Թամիմ իշխանին միջեւ դռնփակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը հզօրացնելու կարելիութիւնները:
Դռնփակ հանդիպումին յաջորդեց ընդարձակ հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ քաթարեան պետական անձնաւորութիւններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Քաթարի իշխանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց բոլոր մարզերուն մէջ օժանդակելու Լիբանանին:
Իր կարգին, նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը գնահատէ իր հանդէպ Քաթարի մնայուն զօրակցութիւնը:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ կատարուելիք քաթարեան որեւէ ներդրում ողջունելի է:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ ներկայ փուլը կ՛ենթադրէ, որ արաբական երկիրները Լիբանանի կողքին կանգնին` շրջանցելով միջպետական յարաբերութիւններուն սպառնացող որեւէ հարց:
Քաթարի իշխանը հաստատեց, որ մօտիկ ապագային Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը պիտի գործուղէ Լիբանան` օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնելու համար:
Թամիմ իշխանը բարձր գնահատեց Քաթարի մէջ լիբանանցիներուն դերակատարութիւնը` նկատի ունենալով անոնց զբաղեցուցած ոլորտներն ու մասնագիտութիւնները:
Ան ողջունեց Քաթար հաստատուած բոլոր լիբանանցիները, որոնք աւելի քան 55 հազար հոգի են:
«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իրաւական հաշուեքննութեան ենթակայ է` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ պատասխանատու է կորսուած գումարներուն:
Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը հետեւանք է կուտակումներու:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այդ ընտրութիւնները կազմակերպելու համար:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ նախագահական իր նստաշրջանը աւարտելէ ետք ինք Պաապտայի նախագահական պալատէն պիտի հեռանայ: «Սակայն եթէ խորհրդարանը որոշէ, որ պէտք է մնամ նախագահական պալատին մէջ, ապա պիտի մնամ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք Հըզպալլայի հետ համամիտ չէ` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարը պաշտօնազրկելու հարցով: Միւս կողմէ, ան նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա յանձնառու եղած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ 2017-էն ի վեր ոչ մէկ խախտում կատարած է:
Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք պիտի չստորագրէ ծովային սահմանները բարեփոխելու հրամանագիրը, այնքան ատեն որ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Թամիմ իշխանին հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապը` ընդգծելով, որ Լիբանան կը փափաքի Ծոցի երկիրներուն եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները ունենալ:
«Այս իմաստով ոչ ոքի հրաժարական պահանջած եմ, իսկ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի պիտի առնէ այն քայլը, որ Լիբանանի համար ամէնէն աւելի օգտակար է», շեշտեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-պաղեստինեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապպաս բարձր գնահատեց 73 տարիէ ի վեր լիբանանցիներուն կողմէ ի գործ դրուող զոհողութիւնները` ի խնդիր Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին: