Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ աշխատանքը` հասնելու համար իր ճշդած նպատակներուն, որոնցմէ հիմնականն է Լիբանանի փրկութիւնը զանազան դժուարութիւններէ, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած բարդ պայմաններէն:
Ան յոյս յայտնեց, որ նախագահական իր նստաշրջանի վերջին տարին ըլլայ իսկական զարթօնքի տարի մը եւ երկրին ապաքինման սկիզբ մը:
«Երկրին մէջ տիրող պայմանները պատճառ դարձան, որ Անկախութեան տօնին ուրախութիւնը վերանայ: Սակայն քանդուածը վերաշինելու մեր կամքը առկայ է, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներ կատարելու յանձնառութիւնը կայ, հետեւաբար կը յուսանք, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Միջազգային դրամատան հետ գործակցութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կ՛իրականանայ», շեշտեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հակառակ երկրին մէջ արձանագրուող վատ զարգացումներուն, իրենք պիտի չվհատին եւ աւելի հզօր դուրս պիտի գան:
Միւս կողմէ, Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն, որ ընդգծեց, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս այս փուլին, երբ անոնք խիստ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն:
Պայտըն բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատմական յարաբերութիւնները: