Մինչ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան ամէնօրեայ դրութեամբ կատարած իր յայտարարութիւններով կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի վրայ Հըզպալլայի իշխանութեան վերջ տալու եւ կը հաստատէ, որ Ռիատ ոչ մէկ կապ կամ գործակցութիւն կ՛ուզէ ունենալ Լիբանանի ներկայ կառավարութեան հետ, այսօր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Լիբանանի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ իշխանութեան պետերուն հետ:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի հասնի Պէյրութ եւ հանդիպումներ ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի եւ Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպաններ Ֆաուզի Քապպարան, Միլետ Նամմուրը եւ Հատի Հաշեմը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի եւ վերոնշեալ երեք արաբական երկիրներուն հետ յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Ծոցի կարգ մը երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ հեզասահ դարձնելու նպատակով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ արաբական երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն իրավիճակին մէջ պահելու: