Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի եւ տիւրզի հոգեւորականներու ընդարձակ պատուիրակութեան մը, երէկ առաւօտեան այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Արսլան յայտնեց, որ լիբանանցիներուն եւ սուրիացիներուն տառապանքը կը նոյնանայ` աւելցնելով, որ Լիբանան եւ Սուրիա կը մնան արաբական քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչներն ու պաշտպանները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատին նեցուկ կանգնողները:
Արսլան բարձր գնահատեց լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւններուն բնականոնացումը` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը այդ յարաբերութիւններուն բնականոնացման յատուկ հարցերուն մէջ առաջնահերթութիւն կը նկատուի, որովհետեւ տեղահանուածներու թղթածրարը առկախ մնացած է միջազգային ընտանիքին կամքով:
Իր կարգին, նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Սուրիա իր կարելին պիտի ընէ դիւրացնելու համար լիբանանցի իր եղբայրներուն մատուցուելիք ծառայութիւնները:
«Սուրիա պատրաստ է իր լայնատարած հողերէն մաս մը տրամադրելու` միացեալ ծրագիրներ` արդիւնաբերական ծրագիրներ իրականացնելու համար: Պատրաստ ենք ամէն իմաստով օժանդակելու լիբանանցի մեր եղբայրներուն», ըսաւ ան: