Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ անոր կինը` Նունէ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին մօր մահուան առիթով:
Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ցաւակցական հեռագիրին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորաբար կը նշէ.
«Վեհափա՛ռ տէր, խոր ցաւ ապրեցայ` ստանալով Ձեր սիրելի մօր` մեծայարգ Լուսին Քէշիշեանի մահուան գուժը:
«Քաջատեղեակ եմ տիրամայր Լուսինի հանդէպ Ձեր որդիական ջերմ զգացմունքին:
«Լաւագոյն յիշողութիւնները ունինք յարգարժան Լուսին մայրիկէն:
«Ընդունեցէ՛ք, խնդրեմ, մեր եւ մեր ընտանիքին մխիթարանքի ու վշտակցութեան անկեղծ խօսքերը»:
Նոյն առիթով ցաւակցական հեռագիր յղեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան եւ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Վեհափա՛ռ տէր, խոր ցաւով տեղեկացայ ձեր մայրիկի` տիկին Լուսինի մահուան մասին: Ապրելով հայրենիքէն հեռու` տիկին Լուսինը ընտանիքին մէջ պահպանած է ազգային արժէքներն ու հայ ընտանիքի աւանդութիւնները: Վեհափա՛ռ տէր, ատոր վառ վկայութիւնն է սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ազգային ինքնութեան ու մշակութային արժէքներու ամրապնդման միտուած Ձեր գործունէութիւնը»: