ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան առաջին տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Քաթար:
Տոհայի «Համատ» միջազգային օդակայանին մէջ բարձրացան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քաթարի պետական դրօշները: Նախագահ Արմէն Սարգսեանը դիմաւորեցին Քաթարի փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարար Ճասըմ Սաիֆ Ահմետ Սուլէյթը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Այցելութեան առաջին օրը Արմէն Սարգսեան այցելեց Քաթարի հիմնադրամ, ուր անոր ներկայացուեցաւ հիմնադրամի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու կառուցուածքը, իրականացուող ծրագիրները: Տեղեակ պահուեցաւ, որ հիմնադրամը նպատակ ունի աջակցիլ երկրին՝ «Մարդկային ներուժը բացայայտելու միջոցով վերածուելու գիտահեն տնտեսութեան»:
Հիմնադրամին մէջ շրջագայելէ ետք նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ կառոյցի ղեկավար եւ համահիմնադիր շէյխուհի Մոզա Պինթ Նասեր Ալ Միսնետի հետ: Վերջինս նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց հիմնադրամին կողմէ իրականացուող կրթական, գիտական ծրագիրները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի նախագահին՝ հիմնադրամին կողմէ նախաձեռնուած՝ Կրթութեան համաշխարհային ստեղծագործական գագաթնաժողովի բացման մասնակցելու համար:
Իր տպաւորութիւնները յայտնելով՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ համագործակցութեան կարելիութիւնները մեծ են, քանի որ ունին ընդհանուր եւ համընկնող հետաքրքրութիւններ: Նախագահը նշեց, որ իր փափաքն է Հայաստանը տեսնել կրթական, գիտական նորարարական իբրեւ հանգոյց, ունենալ ստեղծագործութեան վրայ հիմնուած նոր տիպի կրթական համակարգ, ըլլալ ժամանակակից ու նորարար, քանի որ 21րդ դարը արագ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան է, եւ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է արագօրէն յարմարիլ նոր իրողութիւններուն:
Նախագահ Սարգսեան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի մէջ նորագոյն արհեստագիտութիւններու եւ գիտութեան զարգացման ուղղուած ATOM (Advanced Tomorrow) նախագահական նախաձեռնութիւնը՝ հաստատելով, որ Քաթարի հիմնադրամը եւս կրնայ հետաքրքրական գործընկեր ըլլալ այս ծրագիրին:
Համաձայնելով, որ գործակցութեան ներուժն ու հնարաւորութիւնները հսկայական են՝ զրուցակիցները համաձայնած են ստեղծել աշխատանքային խումբ՝ փոխգործակցութեան ուղղութիւնները յստակացնելու համար:
Նախագահը այցելեց նաեւ Քաթարի ազգային գրադարան, ուր ծանօթացաւ հոն պահուող գրականութեան, հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ գրադարանին մէջ գործող՝ Ժառանգութեան թանգարանի ցուցանմոյշներուն, որոնք բացառիկ գիրքեր են, ձեռագիրներ, քարտէսներ, արաբական ու իսլամական մշակոյթը ներկայացնող այլ արժէքաւոր նիւթեր։
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան մեծապէս գնահատեց գրադարանը՝ դիտել տալով, որ համագործակցութիւն պիտի հաստատուի անոր եւ Մաշտոցի անուան մատենադարանին միջեւ: «Այս գրադարանի համագործակցութիւնը Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Մատենադարանի հետ արժէքաւոր կը լինի, քանի որ այստեղ հսկայական միջոցներ են ծախսւում գրականութիւնը թուայնացնելու, մատչելի դարձնելու եւ, ընդհանրապէս, գրադարանային մշակոյթը զարգացնելու համար: Կարծում եմ՝ սա լաւագոյն գրադարաններից մէկն է, որտեղ ես երբեւիցէ եղել եմ», նշեց ան:
Նախագահը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ ստեղծուելիք աշխատանքային խումբը, որուն համաձայնութիւնը գոյացած է շէյխուհի Մոզայի հետ հանդիպման ընթացքին, պիտի ուսումնասիրէ, թէ ի՛նչ ուղղութիւններով կարելի է համագործակցիլ, նաեւ՝ ուսանողներու փոխանակում, համատեղ գիտահետազօտական աշխատանքներու իրականացում կատարելու համար։