Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեան, Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ի յետմիջօրէին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի միացեալ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպման կը մասնակցէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեանը:
Արցախի նախագահին կ’ընկերակցէին Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, Արցախի հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Իշխանեանը, Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը եւ Արցախի պաշտօնատար այլ անձեր:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի եւ ՀԲԸՄ-ի փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ ինչպէս անցեալին՝ ներկայիս եւ ապագային ՀԲԸՄ-ը եւ ՀԵԸ-ը պիտի մատուցեն Հայաստանի եւ Արցախի վերելքին եւ բարգաւաճման իրենց անմնացորդ ծառայութիւնները:
Նախագահ Բագօ Սահակեան ամփոփ ներկայացուց արցախեան հակամարտութեան շուրջ արձանագրուած նորագոյն զարգացումները: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեանը, ի մասնաւորի՝ նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանին եւ անդամներուն քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական ոլորտներու մէջ Արցախին մնայուն սատարելու համար, բարձր գնահատելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի հայրենանուէր աշխատանքը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ