Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ՝ կառոյցի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպման քննարկուեցան «Թելեթոն 2018»ի ընթացքին եւ Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: