ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համայնքային կեանքի առկայ անորոշութեան մթնոլորտին մէջ, Պետրոս Շիրինօղլու վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ: Անցեալ տարուան սկիզբին, Յունուարին, Շիրինօղլու դարձեալ ընդունուած էր Պեշթեփէի մէջ: Գրեթէ տարի մը անց իրեն դարձեալ ընձեռուեցաւ պետութեան գլխաւորին հետ հանդիպելու հնարաւորութիւնը: Սա եղաւ ձեւով մը տարեմուտի ամփոփումը:
Անցեալ տարուան եւ այս տարեմուտի երկու տեսակցութիւններուն միջեւ կան տարբերութիւններ եւ նմանութիւններ: Հիմնական նմանութիւնը այն է, որ երկու հանդիպումներուն ալ ներկայ եղած է Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Էրթեմ: Երկու հանդիպումներու բովանդակութեան պարագային պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդուեցաւ: Երկու հանդիպումներու պարագային ալ հանրային կարծիքը լուսաբանելու գործը վս-տահուեցաւ Պետրոս Շի-րինօղլուին: Գալով տարբերութիւններուն…
Անցեալ տարի նախագահական պալատի աղբիւրները նախապէս տեղեկացուցած էին, որ Էրտողան պիտի հիւրընկալէր Շիրինօղլուն եւ հանդիպումէն վերջ թողարկած էին լուսանկարներ: Այս տարի համալիրը նախընտրեց լուռ մնալ: Անցեալ տարի Շիրինօղլու առանձին էր, իսկ այս տարի Էրտողանի հետ զրոյցին ընթացքին ունէր ընկերակից մը յանձին Հերման Պալեանի: Այս տարի նախագահի կողքին էր նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատուն: Անցեալ տարի Շիրինօղլու Անգարայէն անմիջապէս վերադարձին, փութով իրազեկեց համայնքային մամուլը, իսկ այս տարի նախընտրեց որոշ ատեն մը սպասել:
Նախագահին հետ իր ունեցած այս վերջին հանդիպումը արդէն որոշ չափով արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս եւ ան նպատակայարմար դատած էր տակաւին նոր անդրադառնալ խօսակցութեան բովանդակութեան: Եթէ անցեալ տարի Շիրինօղլու Էրտողանի հետ ունեցած զրոյցի բոլոր մանրամասնութիւնները, առանց նիւթերու խտրականութեան, բաժնած էր համայնքային մամուլին հետ, ապա այս տարի նախընտրեց սահմանափակուիլ բացառապէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի վերաբերեալ երեսակներով:
Այս բաղդատութիւնները ունի՞ն նշանակութիւն մը, թէ ոչ՝ կը յստականայ ժամանակի ընթացքին: Այս համեմատութեան իմաստը բիւրեղացնելու համար պէտք է ընել նաեւ յիշողութեան արագ թարմացում մը: Էրտողանի եւ Շիրինօղլուի տարեմուտեան այս երկու տեսակցութիւններու արանքին ինչե՞ր ապրուեցան, ինչե՞ր տեղի ունեցան մեր համայնքային կեանքէն ներս: Ի՞նչ պատգամներ փոխանցուեցան, պատգամաբերները ի՞նչ վերաբերմունք ունեցան, համայնքէն ներս այդ պատգամները ի՞նչ արձագանգ ունեցան եւ պատգամաբերներուն նկատմամբ ի՞նչ եղաւ համայնքին վերաբերմունքը: Եւ տակաւին հաշուի պէտք է առնել, որ այս համայնքին մէջ կան ոմանք, որոնք ժամադրութեան համար նախագահական պալատին դուռը կը մաշեցնեն, մինչ Շիրինօղլու գրեթէ կանոնաւոր պարբերութեամբ կը շփուի պետութեան գլխաւորին ու աւագանիէն զանազան դէմքերու հետ:
Այս բոլորի հաւասարակշռութեան մէջ ի յայտ կու գայ հիմնական հանգամանք մը: Մեր համայնքը առկայ տագնապալի կացութիւնը յաղթահարելու համար պէտք է անպայման առաւելութեան մը վերածէ Պետրոս Շիրինօղլուի գործօնը: Այլապէս, մեր դիմագրաւած անցումային շրջանները տակաւին շատ մրցանիշներ կ՛արձանագրեն: Ինչո՞ւ մսխել հնարաւորութիւնները:
Սպասենք, տեսնենք…
«ԺԱՄԱՆԱԿ»