ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԼՐԱԳԻՐ՝ 4 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Արցախ- Ազրպէյճան սահմանագիծի տարբեր հատուածներու մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցան այսօր՝ չորեքաբթի, պաշտպանութեան բանակին եւ թուրք-ազերիական հորդաներուն միջեւ:Կ’արժէ արձանագրել, որ Արցախի ազատամարտիկներու միութեան Քաշաթաղի շրջանի ազատամարտիկները մահուկենաց կռիւ կը մղեն պաշտպանութեան բանակի կողքին:
Պաշտպանութեան բանակը այօր ժամանակաւորապէս փակեց Շուշի-Բերձոր ճանապարհի որոշ հատուածներ՝ թափանցող թշնամի խումբեր չէզոքացնելու նպատակով: Այս ծիրին մէջ, ան հրապարակեց Շուշիի ուղղութեամբ յարձակումի պատրաստուող խմբաւորում մը ոչնչացնելու տեսանիւթը:
Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, թէ բանակը անօդաչու թռչող սարք մը չէզոքացուցած է Գեղարքունիքի Շատջրէք գիւղի օդային տարածութեան մէջ:
Թշնամին այսօր 120 մմ թնդանօթներով ռմբակոծեց Ստեփանակերտի բնակելի թաղամասերը: 27 սեպտեմբերէն ի վեր 50 հայ քաղաքացիներ զոհուած են թուրք-ազերիական ներխուժումին հետեւանքով:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան համաչափ չի նկատեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հանդէպ միջազգային կառոյցներուն արձագանգը: Ան յայտնեց, թէ Ազրպէյճանը գիտակցաբար կը ռմբակոծէ բնակելի վայրեր:«Պատերազմը կ’ընթանայ Ազրպէյճանի մէջ ատելութեան զանգուածային, համակարգուած քարոզչութեամբ». ընդգծեց Թաթոյեան: Ան աւելցուց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակող ահաբեկիչները կը պատրաստուին այլ երկիրներու մէջ շարունակելու իրենց գործողութիւնները:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսաւ, թէ Ռուսիա իր կարելին կ’ընէ, որպէսզի հնարաւորինս շուտ աւարտի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
ՀԲԸՄիութեան նախաձեռնութեամբ, բազմաթիւ երկիրներէ ժամանած սփիւռքահայ եւ օտարերկրացի քաղաքական-հասարակական գործիչներու, միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը որոշ առումներով նաեւ յանուն Եւրոպայի անվտանգութեան համար կը կռուին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան խօսք մը արտասանեց Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու խորհուրդի 130-րդ առցանց ժողովին: Ան անդրադարձաւ Արցախի վրայ յարձակումին ձգած տարբեր հետեւանքներուն:
Իտալիոյ Լոմպարտիա շրջանի տարածքային խորհուրդը ճանչցաւ Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը: Տարածքային խորհուրդի անդամ Միշել Ուսուելի յայտնեց, թէ Արցախի հանրապետութեան ճանաչումը կրնայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու պայմաններ ստեղծել: