Շաբաթ, 9 դեկտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան եւ «Հայաստանի համայնքներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման եւ տարածքային կառավարման մարմիններուն նուիրուած երկօրեայ խորհրդաժողովի ամփոփիչ նիստին:
Խորհրդաժողովին մասնակցած են մարզպետներ, համայնքապետներ, Կեդրոնական դրամատան, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամի, «Քաղաքապետներու դաշնագիր-արեւելք» ծրագիրի, «Քաղաքապետները` յանուն տնտեսական զարգացման», համայնքներու մէջ ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան եւ այլ ծրագիրներու ներկայացուցիչներ:
Օրակարգի շրջագիծին մէջ քննարկուած են Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման եւ տարածքային կառավարման խնդիրները, անդրադարձ կատարուած է մարզերուն եւ համայնքներուն մէջ տնտեսական զարգացմանը միտուած ծրագիրներուն, Հանրապետութեան մէջ իրականացուող վարչատարածքային բարեփոխումներու ընթացքին, համայնքներու խոշորացման հոլովոյթին: Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն ընթացքին ներկայացուցած են համայնքներու զարգացման, ֆինանսական ներգրաւուածութեան, ֆինանսաւորման այլընտրանքային կարելիութիւնները:
Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ներկայացուցած է համայնքներու խորհրդաժողովի արդիւնքները, խօսած է այս բնագաւառի տագնապներուն մասին, որմէ ետք խոշորացուած շարք մը համայնքներու ղեկավարներ ներկայացուցած են գործունէութեան մէկ տարուան ձեռքբերումները, արձանագրուած յաջողութիւնները, առկայ խնդիրները եւ առաջարկուող լուծումները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը խորհրդաժողովի ամփոփիչ նիստին հանդէս եկած է ելոյթով, պատասխանած խորհրդաժողովին մասնակիցները յուզող հարցումներուն:
Համայնքները Մեր Երկրին Մէջ Կայացած Են, Սակայն Ընելիքներ Դեռ Շատ Կան
Խորհրդաժողովին ընթացքին նախարար Դաւիթ Լոքեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար` ընդգծելով, որ նախագահին հետ ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպում ոգեւորիչ ու պարտաւորեցնող է այս բնագաւառի պատասխանատուներուն համար: «Պէտք է փաստեմ, որ համայնքները մեր երկրին մէջ կայացած են, կայացած են յատկապէս մեր տարածքային կառավարման մարմինները: Այս տարի երկրին մէջ ունեցած ենք համապետական եւ շուրջ 350 համայնքներու մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, բայց այս ընտրական հոլովոյթները չեն խանգարած մեր համայնքներու բնականոն գործունէութիւնը:
Նախարարը իր եզրափակիչ ելոյթին ընթացքին նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցած է այս բնագաւառին առնչուող շարք մը այլ խնդիրներ, նշած անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող միջոցառումները, ինչպէս նաեւ նախատեսուող բարեփոխումներու ծրագիրները: