ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԻՆ՞Չ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ ՎԵՐՋԻՆ 12 ԺԱՄԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Քաղաքական, ապահովական յղի պահեր կ’ապրի Հայաստանը: Երէկ ուշ երեկոյեան, մեկնելով Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մտահոգիչ զարգացումներէն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ՝ ամբողջական զինադադարի եւ ռազմական բոլոր գործողութիւնները դադրեցնելու համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:
Ըստ գոյացած համաձայնութեան, ռուսական խաղաղապահ զօրքեր պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սահմանագիծերուն երկարութեան, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հանրապետութեան հետ կապող միջանցքի երկայնքով: Գաղթականները պիտի վերադառնան Լեռնային Ղարաբա եւ յարակից տարածքներ: Կողմերը պիտի փոխանակեն գերիներ, մահացածներու մարմիններ:
Լրատուական կարգ մը աղբիւրներ կը յայտնեն,թէ տեղակայուած խաղաղապահ ուժերուն մաս պիտի կազմեն թրքական ուժեր: Կայ նաեւ աւելի յատկանշական կէտ մը, Ազրպէյճանին հաղորդակցութեան կապ պիտի շնորհուի Նախիջեւանի հետ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ուշ երեկոյեան դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց կարեւոր գրառում մը.
«Սիրելի հայրենակիցներ, քոյրեր եւ եղբայրներ,
անձամբ իմ եւ բոլորիս համար ծանր, չափազանց ծանր որոշում մը կայացուցի:
Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ ղարաբաղեան պատերազմը ժամը 01:00-էն սկսեալ դադրեցնելու յայտարարութիւն մը ստորագրեցի:
Յայտարարութեան բնագիրը (կէտերը), որ արդէն հրապարակուած է, անասելի ցաւոտ է անձամբ ինծի եւ մեր ժողովուրդին համար: Այդ որոշումը կայացուցի ռազմական իրադրութեան խորը վերլուծութեան եւ այդ իրադրութեան ամենալաւ տիրապետող մարդոց գնահատականներուն լոյսին տակ:
Նաեւ հիմնուելով այն համոզմունքի վրայ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ամենալաւ հանգուցալուծումն է: Այս մասին յառաջիկայ օրերուն հանդէս պիտի գամ մանրամասն ուղերձով:
Սա յաղթանակ չէ, բայց չկայ պարտութիւն, քանի տակաւին ինքդ քեզ պարտուած չես ճանչցած: Մենք մեզ երբեք պարտուած չենք ճանչնար եւ սա պէտք է դառնայ մեր ազգային համախմբման, վերածնունդի դարաշրջանի մեկնարկ:
Մենք պէտք է վերլուծենք մեր անկախութեան տարիները, մեր ապագան ծրագրաւորելու եւ անցեալի սխալները չկրկնելու համար:
Ծունկի կու գամ մեր բոլոր նահատակներուն առջեւ: Կը խոնարհիմ մեր բոլոր զինուորներուն, սպաներուն, զօրավարներուն առջեւ, որոնք կեանքով պաշտպանած են ու կը պաշտպանեն հայրենիքը:
Անոնք իրենց անձնուրացութեամբ փրկած են արցախահայութիւնը: Մենք պայքարեցանք մինչեւ վերջ: Եւ մենք պիտի յաղթենք: Արցախը կանգուն է: Կեցցէ’ Հայաստանը: Կեցցէ’ Արցախը« գրած է Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան յաջորդեց Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութիւնը:
«…. Հաշուի առնելով ծանրագոյն վիճակը եւ խուսափելու համար հետագայ մարդկային մեծաքանակ կորուստներէն եւ Արցախը ամբողջութեամբ կորսնցնելէ՝ պատերազմը ժամ առաջ դադրեցնելու համաձայնութիւնս տուի». գրած է Յարութիւնեան, իր կարգին, խորին ցաւակցութիւն յայտներլով նահատակներու հարազատներուն, համայն ժողովուրդին, խոնարհելով բոլոր այն անձերուն, որոնք փոքրիկ լուման անգամ ներդրած են Հայրենիքի պաշտպանութեան» գրած է Արցախի նախագահը:
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր զարմանք յայտնեց գոյացած համաձայնութեան.
« Մամուլէն իմացայ, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ ստորագրուած է ղարաբաղեան պատերազմը դադրեցնելու յայտարարութիւն: Մամուլէն իմացայ նաեւ պատերզամը դադրեցնելու պայմանները:
Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ այս փաստաթուղթին վերաբերեալ հետս ոչ ոք որեւէ խորհրդակցութիւն կամ քննարկում, ցաւոք, չէ կատարած, չեմ մասնակցած որեւէ բանակցութեան:
Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը համազգային նշանակութեան եւ կարեւորութեան հարց է: Հայաստանի, Արցախի, ողջ հայ ժոովուրդի կենսական անվտանգութեան շահերուն եւ իրաւունքներուն առնչուող ցանկացած քայլ, գործողութիւն, ցանկացած որոշումի ընդունում, առաւել եւս որեւէ փաստաթուղթի ստորագրութիւն պէտք է ըլլայ համապարփակ խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու առարկայ:
Կ’ընդգծեմ, որ Արցախի, հետեւաբար՝ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը կրնայ լուծուիլ միմիայն հաշուի առնելով մեր համազգային շահերը եւ միմիայն համազգային փոխհասկացողութեան հիման վրայ:
Հաշուի առնելով առկայ կացութեան մէջ պայմանաւորուած՝ ժողովուրդի ստուար զանգուածի խոր մտահոգութիւնները, անյապաղ կը նախաձեռնեմ քաղաքական խորհդակցութիւններ՝ համազգային շահերու պաշտպանութեան մեր օրակարգէն բխող լուծումները ամենակարճ ժամկէտներու մէջ համաձայնեցնելու նպատակով:
Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, ազգապահպանութեան կարեւորագոյն այս պահուն համազգային միասնութեան ձեւաւորումը կը նկատեմ իմ այժէական առաքելութիւնը: Յոյսով եմ, որ տասնօրեայ ժամկէտի մէջ բոլորիս կը յաջողուի ձեւաւորել այդպիսի միասնութիւն, որուն պարագային ես կը նկատեմ, որ օգտագործած եմ հայրենիքիս ծառայելու հնարաւորութիւնները»:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ուղերձ մը յղեց հայ ժողովուրդին. « Աղօթք է մեր սրտին մէջ յանուն համազգային մեր խոհեմութեան եւ միասնականութեան: Դարաւոր մեր պատմութեան դասերու քաջ գիտակցութեամբ եւ ազգային միաբանութեան անհրաժեշտութեամբ կոչ կ’ընենք պահպանելու հանդարտութիւնը եւ չտրուելու մեզ փոթորկող զգացումներուն, անտեղի դրսեւորումներուն, զերծ մնալու բռնութիւններէն եւ անկարգութիւններէն:
Կէս գիշերէն ետք Հայաստանի քաղաքացիներ ինքնաբուխ բողոքի ցոյցերով Երեւանի մէջ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ իրենց ընդվզումը արտայայտեցին պարտուողական այս համաձայնագիրի ստորագրութեան դէմ: Շատեր յարձակեցան Ազգային ժողովի շէնքին վրայ: Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան փոխադրոեցաւ հիւանդանոց:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ զինեալ ուժերու գերագոյն շտապը պետականութեան հիմքերը խարխլող գործողութիւններէն զերծ մնալու կոչ մը յղեց հայրենի ժողովուրդին: