Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, ուր քննարկուած են ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրները:
Առաջին հարցը խորհուրդի անդամներուն զեկուցած է պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ Հայաստանի ձեռնարկած միջոցառումներու, հիմնախնդիրներու եւ հետագայ ընելիքներու մասին զեկուցած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեան եւ ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեան:
ԱԱԽ անդամները համաձայնութիւն յայտնած են ներկայացուած «Ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման պետական ծրագիր»-ին: Քննարկման արդիւնքով ներկայացուած առաջարկներու հիման վրայ կառավարութեան տրուած են շարք մը յանձնարարականներ:
Ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրներու վերաբերեալ ԱԱԾ տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի զեկուցումներէն ետք Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է ներկայացուած` «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»-ի նախագիծին եւ կառավարութեան յանձնարարած սահմանուած կարգով ընթացք տալ անոր:
Վերոնշեալ հարցի զեկուցման ժամանակ նշուած է, որ դեռ 2012-ին կառավարութեան կողմէ հաստատուած «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»-ը կատարելագործման անհրաժեշտութիւն ունի` հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումները, շրջանին մէջ ահաբեկչական սպառնալիքներու բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան զարգացման եւ ձեւափոխութեան միտումները, որուն միտուած է փաստաթուղթի նախագիծը:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով հանրապետութեան նախագահը, իբրեւ ամէնէն գործուն միջոցներ, առանձնակիօրէն կարեւոր նկատած է երեք ուղղութիւն. գործնական հետախուզական աշխատանքներու կատարելագործումը, ներառեալ` արհեստագիտական միջոցներու կատարելագործումը, հակազդման ստորաբաժանումներու կարելիութիւններու բարձրացումը եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնումն ու առաջաւոր փորձի փոխանակումը: